«ԱԶԴԱԿ»Ի 2019Ի ԲԱՑԱՌԻԿԻ ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ
Փակուող տարին անկիւնադարձային էր Հայաստանի Հանրապետութեան նոր մեկնարկ ապահովելու առումով: Մայիսեան համաժողովրդային պոռթկումը վերջ դրաւ տարի մը առաջ խորհրդարանական ընտրութիւններով վերահաստատուած վարչակարգին: Համակարգ, որ սկզբունքով նորացուած սահմանադրութեամբ միանձնեայ ղեկավարման գործառոյթները հետզհետէ պիտի սկսէր զիջիլ՝ փոփոխութեան փուլային իրականացումի որոշ հեռանկար ուրուագծելով: Ուշացող բարեփոխումները, յամեցող յոռի բարքերը, հարստապետական կարգերուն եւ ժողովուրդին միջեւ անջրպետի խորացման միտումները պարարտ ենթահող պատրաստեցին յեղափոխական միջոցներու դիմելու:
Գործադիր իշխանութենէն ետք օրէնսդիր ժողովը եւս հիմնովին փոխած շարժումը ընդդէմէն յանունի անցում կատարելու հրամայականին առջեւ կանգնած է: Ստանձնելով հսկայական պատասխանատուութիւն՝ միաբեւեռ իշխանութիւնը բոլոր պատճառները ունի պետական արհեստավարժ մարդուժը առաւելագոյնս համախմբելու, քաղաքացիական հարթութենէն ոստում կատարելու դէպի պետական-քաղաքական դաշտ. համապատասխան ծրագիրներ մշակելու եւ իրականացնելու: Եւ այդ ճանապարհին խորհրդարանական ու արտախորհրդարանական կուսակցութիւններուն, համահայկական կազմակերպութիւններուն հետ լիարժէք համագործակցելու ուղիները ճշդելու:
Եթէ հայրենիքի մէջ ընտրութիւնները արտահերթ էին՝ ժողովուրդի կամարտայայտութեամբ ճշդուած, ապա Լիբանանի մէջ հերթական էին, ընտրական նոր օրէնսգիրքով: Ընտրակարգ մը, որ քաղաքագիտական բացատրութեամբ խառնուրդն էր համամասնականի, համայնքայինի եւ մեծամասնականի կամ վարկանշայինի: Այս բարդ դրուածքը դարձեալ չյաջողեցաւ համալիբանանեան մակարդակով հիմնովին իրողական ներկայացուածութեամբ խորհրդարան մը ձեւաւորել: Նուազագոյն քուէներ ստանալով համայնքի ներկայացուցիչներ խորհրդարան հասան, մինչ հայ համայնքի կազմակերպ կեանքէն հեռու գտնուող մարդիկ իրաւականօրէն համայնքը ներկայացնելու երեսփոխանական կարգավիճակ ստացան: Այս բոլորով հանդերձ, Հայկական երեսփոխանական պլոքի աստիճանական վերականգնման առաջին փուլը կայացաւ:
Տարին համայն հայութեան համար Ա. Հանրապետութեան, աւելի ճիշդը Հայաստանի Հանրապետութեան կերտման, հիմնադրումին 100ամեակով յատկանշուելու բոլոր պատմաքաղաքական նախադրեալները ունէր: Համազգային գիտակցութեան որոշակի բացթողումներ նկատուեցան: Եթէ հայրենիքի մէջ իշխանափոխութեան անցումային ժամանակաշրջանին զուգադիպեցաւ 100ամեակի նշումը եւ ակնկալուած տարողունակութիւնը չապահովեց, ապա հայրենիքէն դուրս գաղափարաքաղաքական կարծրատիպեր պատճառ դարձան, որ համազգային հնչեղութեան ակնկալուած արդիւնքները չարձանագրուին:
Այնուամենայնիւ, 100ամեակը պէտք է ընկալել վերականգնած անկախ պետականութեան կենսագործունէութեան երկուքուկէս տարիներու ժամանակաշրջանով եւ այդ միջոցին արձանագրուած կարեւորագոյն գործընթացներու վերարծարծման առիթով. ուրեմն, հետագայ մէկուկէս տարուան կտրուածքով՝ յոբելենական նշումներու հասկացողութեամբ: Անոնցմէ՝ Նեմեսիսն ու Սեւրը նշումներու հրամայականը կը յուշեն: Զուգահեռ՝ միջազգային իրաւագիտութեամբ փաստելու համար որոշ պայմանագիրներու անվաւերականութիւնը:
Նոր Հայաստանի կայացման առաջադրանքէն անցնելով սփիւռքեան կարեւոր միջնաբերդին մէջ հայկական քաղաքական գործօնի վերականգնման նպաստող աշխատանքներու առաջնահերթութիւն, հասնելու համար 100ամեակին հետ կապուած շատ կարեւոր պատմաքաղաքական իրադարձութիւններու վերարծարծում՝ այս բոլորը կը նախանշեն փակուողէն դէպի բացուող տարի բազմաթիւ ուղղութիւններով նախապատրաստուելու հրամայականները:
Իմաստալից խմբագրականշ ապրի’ք: