ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Միացեալ Նահանգներու հրեաներու ողջակիզման (Հոլոքոսթի) թանգարանին աջակցութեամբ շարունակուող «Ժամանակէն առաջ՝ ահազանգ» նախագիծի ծիրին մէջ հրապարակուեցաւ «Ցեղասպանութիւն իրագործել սպառնացող երկիրներու ցանկը»: Հետազօտութիւնը կատարուած է 30 երկիրներու մէջ, ուր տարուան ընթացքին հազարաւոր մարդ սպաննելու հաւանականութիւն կայ: Ցեղասպանութիւն իրագործելու բարձր հաւանականութիւն ուենցող երկիրներու ցանկին վրայ Քոնկոյի Դեմոկրատական Հանրապետութիւնը շուրջ 30.9 տոկոս հաւանականութեամբ՝ կը գրաւէ առաջին տեղը, իսկ Թուրքիան, 2018-19 տարիներու տուեալներուն համաձայն, Աֆղանիստանէն, Եգիպտոսէն, Հարաւային Սուտանէն, Փաքիստանէն, Եմենէն եւ Անկոլայէն ետք, 11.2 հաւանականութեամբ կը գրաւէ 8րդ տեղը:
«Ժամանակէն առաջ՝ ահազանգ» նախագիծը սկսած է իրականացուելու 2011ին, Միացեալ Նահանգներու հրեաներու ողջակիզման թանգարանին մէջ գտնուող «Սայմըն-Սքիոթ» Ցեղասպանութեան կանխարգիլման կեդրոնի (Simon-Skjodt Center for the Prevention of Genocide) եւ Տարթմութ Քոլեճի «Տիքի» միջազգային փոխըմբռնման կեդրոնի (Dickey Center for International Understanding) հետ:
Նախագիծը հսկայական տուեալներու մշակումով՝ կը գնահատէ աշխարհի բոլոր երկիրներուն մէջ զանգուածային վայրագութիւններ իրականացնելու հաւանականութիւնը: