ՊԱՔՈՒ.- «Ազատութեան» աշխատակից Լուսինէ Մուսայէլեան կը հաղորդէ, որ Հինգշաբթի, 3 Դեկտեմբերին, Պաքուի կեդրոնը բողոքի ցոյց մը տեղի ունեցաւ՝ ընդդիմադիր «պլոկըր» Մեհման Հիւսէյնովը ազատ արձակելու պահանջով:
«Թուրան» գործակալութենէն քաղելով իր տեղեկութիւնը՝ Մուսայէլեան կը յայտնէ, որ ատրպէյճանցի ընդդիմադիրներու ցոյցի մեկնարկէն հինգ վայրկեան ետք ոստիկանները սկսան ցրելու հաւաքը, ձերբակալելու մասնակիցներէն շատերը, որոնց շարքին նաեւ կային կիներ:
2017ին ձերբակալուած եւ երկու տարուան բանտարկութեան դատապարտուած ընդդիմադիր հայեացքներով «պլոկըր»ին դէմ 26 Դեկտեմբերին նոր մեղադրանք առաջադրուեցաւ՝ ոստիկան մը ծեծի ենթարկելու յանցանքով: Ի նշան բողոքի՝ Հիւսէյնով յայտարարած էր հացադուլ, որուն իբրեւ հետեւանք անոր առողջական վիճակը կտրուկ կերպով վատթարացած է:
Միջազգային իրաւապաշտպան շարք մը կազմակերպութիւններ դատապարտեցին Հիւսէյնովին դէմ նոր մեղադրանքի առաջադրումը եւ կոչ ուղղեցին Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն՝ անյապաղ դադրեցնելու անոր նկատմամբ քրէական հետապնդումները: