ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ
Չէի հանդիպած այս թուրք կնոջ անուան: Կարդացի ներածական երեք էջերը: Տպաւորուեցայ: Դիմեցի համացանցին:
Փինար Սելեք ծնած է Պոլիս (Իսթանպուլ), 1971ին: Ընկերաբան է, կանանց իրաւունքի պաշտպան, հակառազմապաշտ, գրող, յանձնառու եւ պայքարող: Կ՛ըսուի, որ իր կեանքի իմաստութիւնն է՝ «Գործը հիմն է տեսութեան»: Հայրը իրաւաբան մը, մարդկային իրաւանց պաշտպան եղած է. մեծ հայրը՝ ձախ յեղափոխական եւ Թուրքիոյ Աշխատաւորական կուսակցութեան հիմնադիրներէն:
1980ի զինուորական յեղաշրջումէն ետք, հայրը, Ալփ Սելեք, հինգ տարի կը բանտարկուի: Փինար Սելեք Նոթր-Տամ տը Սիոն վարժարանին մէջ ֆրանսերէն կը սորվի: Կ՛ուսանի ընկերաբանութիւն, կը խորհի, որ «հարկ է ընկերութեան վէրքերը վերլուծել զանոնք դարմանելու համար»: Կը զբաղի չափահաս աներդիքներով: Ուրիշներու հետ կը հիմնէ «Փողոցի արուեստագէտներ» միութիւնը, որուն համադրողը կ՛ըլլայ, որուն կ՛անդամակցին մանուկներ, գնչուներ, ուսանողներ, տանտիկիններ, միասեռականներ, պոռնիկներ: «Աշխատիլ անոնց հետ, որոնք լուսանցքի վրայ մնացած են» խորագրով յօդուածը կը բացատրէ իր միտումը: Կ՛ուսումնասիրէ լրատուամիջոցներու փոփոխութիւնները, միասեռականները, այլ սեռային հարցեր եւ անոնց մերժումը ընկերութեան կողմէ, անոնց կողքին կը պայքարի: Կ՛ուսումնասիրէ քրտական հարցը, կը ճամբորդէ Քիւրտիստան, Ֆրանսա, Գերմանիա:
1998ին կը ձերբակալուի Պոլսոյ մէջ, չարչարանքի կ՛ենթարկուի, որպէսզի իր խօսակիցներուն անունները տայ: Կը զրպարտուի 9 Յունիս 1998ին ռումբ մը տեղադրած ըլլալու յանցանքով, որ պատճառ եղած էր 7 հոգիի մահուան, մինչդեռ կազի շիշ մը արկածով պայթած էր: 17 տարիէ ի վեր կը հալածուի: Երկուքուկէս տարի բանտ կը մնայ, մտաւորականներ եւ փաստաբաններ զօրավիգ կը կագնին իրեն: Բանտին մէջ գրածները կը բռնագրաւուին: 2000ին ազատ կ՛արձակուի: Իր հեղինակութիւնը օգտագործելով կը կազմակերպէ համաժողով մը՝ «Կանանց հանդիպում՝ խաղաղութեան համար», Տիգրանակերտի մէջ (Տիարպէքիր), ապա նաեւ ուրիշներ ալ, Պոլիս, Պաթման եւ Գոնիա: Կը հիմնէ, ուրիշներու հետ, կանանց դէմ բռնութիւնները կանխելու, խաղաղութեան եւ բոլոր տեսակի տիրապետութիւններու դէմ միութիւն: 2001ին, Պոլսոյ կեդրոնը կը հիմնէ կանանց պաշտպանութեան առաջին գրատունը:
2004ին Փինար Սելեք կը հրատարակէ «Պարիշմատիք» գիրքը, այսինքն «Չկրցանք խաղաղութիւն հաստատել», կը խօսի թրքական ռազմապաշտութեան եւ Թուրքիոյ մէջ խաղաղասիրական շարժման մասին: Կը հիմնէ կանանց պաշտպանութեան հանդէս մը, որ մինչեւ այսօր հազարաւոր օրինակներով կը վաճառուի, որուն գլխաւոր խմբագիրն է: 2006ին անպարտ կը հռչակուի, կեղծուած ամբաստանութիւնները կը հերքուին: Կ՛աշխատակցի բազմաթիւ թերթերու, կը պայքարի ամէն կարգի տիրապետութիւններու դէմ:
2008ին կը հրատարակէ «Սիւրիւն Էրքէք Օլմաք» գիրքը, (Այր Դառնալ՝ Սողալով), քննադատելով զինուորական ծառայութիւնը: Կ՛ըլլան սպառնալիքներ, անուանարկումներ: Կը հրատարակէ «Սու տամլասի» գիրքը, «Ջուրի Կաթիլը», եւ այլ գիրքեր: Նոյն տարին կրկին կ՛ամբաստանուի, վճիռը կը բեկանուի եւ կը ստիպուի երկրէն հեռանալ: Կրթաթոշակ մը կը ստանայ «Աքսորական գրողներ» հիմնադրամէն, եւ Գերմանիոյ մէջ կ՛աւարտէ իր առաջին վէպը՝ «Եոլ Կեչէն Հանի» (Անցորդներու հիւրանոցը»): 2011ին ան կրկին անպարտ կը հռչակուի, բայց դատախազը կրկին կ՛ամբաստանէ զինք, եւ 2013ին կը դատապարտուի ցկեանս բանտարկութեան: Տեղի կ՛ունենան յաջորդական անպարտ արձակումներ եւ կրկնուող ամբաստանութիւններ ու դատեր:
Փինար Սելեք կ՛ապրի Ֆրանսա: Կը հրատարակէ իր գիրքերը:
2015ին լոյս կը տեսնէ «Որովհետեւ Հայ Են» գիրքը (Parce qu՛ils sont armeniens):
Ներկայիս Քաղաքական Գիտութիւն կ՛ուսուցանէ Նիսի համալսարանը: Կը պայքարի վերստեղծելու համար քաղաքականութիւնը, որպէսզի խաղաղութիւն եւ արդարութիւն ըլլայ բոլորին համար:
ԳԻՐՔԸ. «ՈՐՈՎՀԵՏԵՒ ՀԱՅ ԵՆ»
(ՓԻՆԱՐ ՍԵԼԵՔ)
Փինար Սելեքի գիրքը, յիշեցուց ռուս մեծ գրող Փիոթր Տոսթոեւսքիի խօսքը, որ «Երբեմն մարդոց անգթութիւնը կը բաղդատեն գազաններու անգթութեան, այդ հայհոյանք է անոնց հանդէպ»:
ԻԱ դարուն կիներ կը բռնաբարուին բանտին մէջ եւ խաղաղութեան բարձրագոչ ժողովներ կը կազմակերպեն: Ինքնացուցադրութիւն: Կը խօսին բնապահպանութեան մասին: Կարդա՛լ գիրքը:
90 էջ: Այս գիրքը եթէ ընթերցող, եւ լսող ունենայ, բարիք կ՛ըլլայ թուրք ժողովուրդին եւ հայեւթուրք յարաբերութիւններուն: Անցեալը կը հասկցուի, անոր հետ հաշտութիւն կ՛ըլլայ, ճշմարտութիւն եւ իրաւունք կը բանան նոր հորիզոն:
Փինար Սելեք իր ժողովուրդին եւ պետութեան բացասականութիւնները կը խոստովանի, մինչեւ այսօր սերմանուող կեղծիքը եւ աղաղակող հայատեաց մոլեռանդութիւնը կը դատափետէ, առանց պաճուճանքի: Ինչ որ կ՛ըսէ, ոչ յուշագիրները, ոչ պատմաբանները ոչ հայ պետութիւնը եւ ոչ ալ քաղաքական կազմակերպութիւնները ըսած են: Կը դիտէ ներսէն: Իր յանձնառութեան գինը վճարած է: Հալածանք, դատապարտութիւն, չարչարանք, չեն ընկճած զինք:
Գիրքին սկիզբը խոստում է. «… ինծի ալ հարկ է նաեւ ըլլալ տէր իմ խօսքիս»:
… «Վկայել, ըսել. ես տեսայ, ես լսեցի, ես ապրեցայ, պատասխանատուութիւն է: Այս պատասախանատուութեամբ է որ այսօր կը գրեմ: Ըսելու համար որ մատովս դպած եմ աղիտալի հետքերուն ցեղասպանութեամբ մը խեղուած երկրի մը վրայ: Ես մեծցած եմ ազգայնական ախտէ զերծ միջավայրի մը մէջ եւ միայն ուշ դէմ յանդիման գտնուած եմ 1915ին Թուրքիոյ հայերու բնաջնջման: Այս ստուգապէս իմ հարցս է: Ոչինչ աւելի թանկ է որքան պայքարիլ արդարութեան համար: Նստած վկայի աթոռին, չեմ գիտեր թէ ով է դատաւոր եւ ով է դատախազ, բայց ես խօսք կ՛առնեմ Պատմութեան խաւար մեքենային առջեւ:… Արդարութեան համար պայքարը միայն մասնակի յաղթանակ մը չէ. անով կը սկսի մտածման եւ վերադիրքորոշման ընթացք մը: Ես վարժուած եմ ժպիտով ընդունիլ հոսող ջուրի իւրաքանչիւր կաթիլը, իւրաքանչիւր հունտը, զոր կը ցանենք: Այո՛, վկայել պատասխանատուութիւն է: Վկայել սրտի բառերով, ըլլալով տէր սեփական խօսքին» (էջ 8-9):
Գիրքի առաջին գլուխը կը ներկայացնէ թուրք պետութեան կողմէ կատարուած ուղեղալուացքը, կրթական եւ հաղորդակցական բոլոր մակարդակներու վրայ: Պատկեր՝
. Շարադրութեան նիւթ նախակրթարանի համար, 10 Յունիս 2003. Հայոց Ցեղասպանութիւնը յերիւրանք մըն է, հովերը եւ հեղեղները տարած են, փաստել որ Անատոլուի հայերը երբեք չեն բնաջնջուած:
. Քարոզչութիւնը. յիշեցնենք որ Հայերու ջարդ չէ եղած: Հայ բարեկամներ չեմ ունեցած: Կը թուի թէ անոնք շատ չար են, մեր ուսուցիչն է որ մեզի ըսած է (էջ 11):
Կը սորվեցնեն, որ Հայերը տեսակ մը Կիւյապանիսներ էին, երեւակայական եւ չար արարածներ թրքական պատմութիւններու մէջ: «Եթէ անոնք գոյութիւն ունենային, մեզ բոլորս պիտի բզքտէին … ըստ մեր պատմութեան ուսուցիչին: Բոլոր Հայերը ահաբեկիչներ էին, անոնք պիտի ուզէին վնաս պատճառել երկրի միութեան: Եւ հիմա պիտի ուզէին լարել Թուրքերը իրարու դէմ, պնդելով որ հայոց Ցեղասպանութիւն մը տեղի ունեցած է (էջ 12):
. Մեր ուսուցիչը մեզի բացատրեց, որ էրմէնի եւ տեռորիստ բառերը նոյն արմատը ունին…
Եւ պատմութիւնը… Իր մօր նախնիներու գիւղը հիթիթներու ժամանակէն կու գայ, անոնցմէ վերջ եկած սելճուկները… ապա Օսմանցիները, եւ վերջինը՝ մեր Հանրապետութիւնը…
Ուրեմն ի՞նչ եղած են հայերը: Անոնք պարզապէս անյայտացած էին, անոնք երբեք գոյութիւն չէին ունեցած… Մենք զանոնք չենք ջարդած, Թուրքերը նոյնիսկ ճանճի մը չարիք պիտի չընէին… Թուրքերը պարկեշտ են, աշխատասէր եւ վստահող: Երջանիկ է ան որ կ՛ըսէ թէ Թուրք է…
Ներկայացուած են թրքական դաստիարակութեան էական գիծերը:
Եւ դեռ. «Իրականութիւնը այն է որ անոնք (հայերը) փորձած են մեզ (թուրքերը) բնաջնջել»: Կը շարունակուի խեղաթիւրուած եւ ատելութեան դաստիարակութիւնը:
Փինար Սելեք աշակերտական օրերուն իսկ ուզած է հասկնալ, թէ ի՞նչ կը նշանակէր՝ «Հայերը տարուած էին հովերով, կլանուած ջուրերով» (էջ 15):
Էջ 17-18: «Օտար դրացուհի մը» խորագիրին տակ կը նկարագրուի ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայ կնոջ տիպար «Մատամ Նայադ»ը, վէպի մը չափ հզօր: Մայրը կը բացատրէ, որ զայն կը կոչէին «Մատամ», որովհետեւ հայ էր, այդպէս կը կոչէին հայ եւ յոյն կիները:
Գերիրապաշտ է իր մօր հետ զրոյցը, յիշեցում՝ արդարութիւն հետապնդող քաղաքական մեծերուն եւ փոքրերուն (էջ 18).
– Տիկին Նայադ հայերէն կը խօսի՞:
– Չեմ կարծեր:
– Հայերը ֆրանսացի՞ են:
– Այդ կապ չունի: Այդ բառը կը գործածուի հայ կիներու համար: Նաեւ յոյն կիներու:
– Ինչո՞ւ:
– Այդպէս է օսմանցիներէն ի վեր: Բոլոր հայ կիները կը կոչուին «մատամ»:
Տարօրինակ:
«Մատամ» օտար կը դարձնէր: Ունենալ դրացուհի զոր դուն կը կոչես «մատամ», կը նշանակէր որ ան օտար էր:
– Անոնք օտա՞ր են:
– Ոչ, բնա՛ւ: Հայերը Անատոլու կը գտնուէին թուրքերէն շատ առաջ: Այդ ձեւով կ՛ուզեն յիշեցնել, որ անոնք թուրք չեն:
Քանի մը ամիս ետք նախակրթարան կը մտնէի: Վերամուտի առտուն, հազիւ մուտք գործած էի դպրոցի դարպասէն, շէնքի ճակատին գտայ հսկայ պաստառ մը. Երջանիկ է ան որ կ՛ըսէ թէ թուրք է:
Ուրեմն տիկին Նայադ երջանիկ չէ՞ր: Ժամանակի ընթացքին պիտի հասկնայի, որ Թուրքիոյ մէջ հայերուն համար դժուար էր երջանիկ ըլլալ (ընդգծ. Յ.Պ.):
Փինար Սելեք հէքիաթի պէս, բայց զսպուած յուզումով կը պատմէ, որ 12 Սեպտեմբեր 1980ի պետական հարուածէն ետք հայրը կը բանտարկուի: Դպրոցին մէջ, երբ ամէն ոք կը պոռայ «Իմ գոյութիւնս ընծայ թող ըլլայ ազգին: Երջանիկ է ան որ կ՛ըսէ թէ թուրք է», ինք չի հետեւիր, «շրթները կը խածնէ»:
«1982. Սարսափի ժամանակ»: … «Տասնըմէկ տարեկան եմ, եւ արդէն երկու տարի է որ հայրս բանտարկուած է: Ամէն շաբաթ, մայրս, ես եւ պզտիկ քոյրս անոր տեսութեան կ՛երթանք» (էջ 19-20):
Հարուստներու Պոլսոյ կրօնաւորուհիներու Նոթր-տամ-տը-Սիոն երկրորդական վարաժարանը կը յաճախէ, ուր մուտքը դժուար է: Հոն կան հրեայ եւ չորս հայ աշակերտուհիներ, քանի որ հայերը կը նախընտրեն օտար վարաժարաններ ղրկել իրենց զաւակները, նախընտրաբար՝ ֆրանսական: «Ի վերջոյ բնական չէ՞ որ այդ աղջիկները, որոնք հետագային մատամ պիտի կոչուին, ֆրանսերէն սորվին» (էջ 21):
Ամբողջ ժամանակաշրջան մը խտացուած է պարզ բառերով.
«Այդ դասերու ընթացքին, մանուկներուն կը պարտադրէին կրկնել զինուորական վարչակարգի անհեթեթ ճառերը. Որոնք են ներքին թշնամիները… Եւ դուրսի: Թուրքերը շա՜տ թշնամիներ ունէին: Տեռորիստները, համայնավարները, Հայերը… Բառերը կրնային փոխանակուիլ: Պետական հարուածէն ի վեր, բոլոր ժողովրդավարները յայտարարուած էին համայնավար, բոլոր համայնավարները՝ հայեր, բոլոր հայերը տեռորիստներ… Ըստ մեր տող առ տող անգիր սորվելիք գիրքերուն, հայ կոչուած սատանան Թուրքին յաւերժական թշնամին էր: Հայ կը նշանակէր դաւադրող, համագործակցող (թշնամիին, Յ.Պ.), դաւաճան, ներքին թշնամի, ոճրագործ: Անոնք ծածուկ ուժն էին՝ թաքնուած համայնավարներու ետին: Հայու պիտակ (ապօրէն զաւակ, Յ.Պ.) ժողովրդական ամէնէն աւելի գնահատուած հայհոյանքներէն էր» (էջ 22):
Փինար Սելեք երկու տողով հայ աշկերտուհիներու կենդանագիրը կը գծէ. «Այդ դասերու ընթացքին գիտէ՞ք որոնք էին ամէնէն լռակեացները. Հայուհիները» (էջ 23):
Եւ հոգեկցութիւնը. «Միայն Հայուհիները չէին, որոնց հետ կրնայի բաժնել զիս կրծող տառապանքը: Հարկ էր որ մենք բարեկամ ըլլայինք»: Հարց կու տայ. «Բայց ինչո՞ւ անոնք չէին պատասխաներ նախատինքներուն»:… «Եւ յոռեգոյնը այն էր, որ մենք կը վարժուէինք այս երկչոտ հայու պատկերին»:… «Ոչ մէկ ձեւով կապը չտեսայ իրենց կեցուածքին եւ նշանաւոր «որովհետեւ հայ է» արտայայտութեան միջեւ, որուն անհեթեթութիւնը մանուկ՝ ըմբռնած էի» (էջ 24-25): Ուրիշ պահու մը, հայ աշակերտուհին է, որ ընկերուհիներուն ապօրինի կերպով հանրակառք բարձրանալու առաջարկը կը մերժէ, կրկնելով՝ որովհետեւ հայ եմ: Փինար Սելեք կ՛ըսէ, որ քանի մը օր ետք մոռցած էր դէպքը: Եւ հարց կու տայ. «Ի՞նչ կը դառնանք երբ կը մոռնանք: Կը վարժուինք չարին» (էջ 26):
Գիրքին մէջ կան հայու լուռ տիպարներ, վիրաւոր իրենց միսին եւ հոգիին մէջ:
Տիկին Թալին կը պատմէ իր կեանքը, ցոյց կու տայ իր շապիկին տակ գտնուող սպին: «Ան երեք սերունդէ ի վեր պոլսեցի էր», փախուստ տուած էին «Անատոլուն աւլած ցեղասպանութենէն», «իր ընտանիքի անդամներէն քանի մը հոգի վերապրած էին», միւսները «տարած էին հովերը եւ ընկղմած ջուրերու մէջ»: Տիկին Թալինէն լսած է, առաջին անգամ, «սուրի մնացուկներ» բացատրութիւնը. անոնք որ զոհ չէին գացած:
Կը գրէ. «Չէի յաջողիր ձերբազատուիլ հատուած գլուխներու, կտրուած վիզերու, արեան հեղեղներու տեսարաններէն» (էջ 28):
Տիկին Թալինի պատմածներէն ետք է, որ Փինար Սելեք կը սկսի ինքզինք հարցապնդել եւ գիրքերու մէջ բացատրութիւն փնտռել: Յուսախաբ կ՛ըլլայ թրքական գրականութեան մէջ ոչ մէկ տող եւ բառ գտնելով ցեղասպանութեան մասին: Հարց կու տայ, թէ «Այն օրերուն ապրող Թուրքեր, Քիւրտեր, բանաստեղծներ, գրողներ բոլորն ալ իրենց լեզո՞ւն կորսնցուցած էին» (էջ 31): Եւ կ՛ըսէ, որ հակառակ ցաւին, հայ բանաստեղծները չէին լռած, կը յիշէ Կոմիտաս եւ Վահան Տէրեան:
Փինար Սելեք ուզած է գիտնալ, թէ իր մեծ հայրերը, ընտանիքը, մասնակից եղա՞ծ են դարասկիզբի ոճիրներուն: Կ՛արձանագրէ, բախտաւոր է…, շիկնելու պատճառ չունի ամօթալի ժառանգութեամբ մը:
Հաստատում եւ քաջ ամբաստանագիր.
«Սկսած էի հասկնալ որ Թուրքիոյ մէջ հայ ըլլալ համազօր էր լուռ մնալու դատապարտութեան, անտեսանելի ըլլալ հանդուրժուելու համար, նոյնիսկ եթէ այդ հանդուրժողութիւնը ապահովութիւն չէր… Ի շարս այլ բաներու, հայկական ցեղասպանութեան աւերակներուն վրայ հիմնուած թուրք ազգ-պետութեան վարչամեքենային համար, հայկական հարցը ոչ մէկ յիշողութեան կամ ներման կ՛առնչուէր: Հակառակ ուրացման, ան քաղաքական եւ տնտեսական խնդիր էր: Հանրապետութեան հիմնադրման դիւցազնավէպին մէջ, հայերը կը ներկայացնէին թշնամին: Ճողոպրածները պէտք էր որ թաքնուէին, բզէզներու պէս: Այդ էր անոնց հնազանդութեան փաստը: … Թուրքիոյ մէջ հայ ըլլալ կը նշանակէր առանց ըմբոստանալու շրջիլ պողոտաներու վրայ՝ կնքուած ցեղասպանութեան պատասխանատու կառավարիչներու անուններով: Այդ կը նշանակէր մեծ հօր կամ մեծ մօր ոճրագործին անունը արտասանել հասցէ մը փոխանակելով: Այդ կը նշանակէր զգուշանալ փողոցներուն մէջ բարձրաձայն խօսելէ: Խուլ ձեւանալ անարգանքներ լսելով: Ծածուկ մնալ գոյատեւելու համար» (էջ 34-35):
Եզրակացութիւնը. «Ես հայ չէի: Չէի կրնար երեւակայել անգամ թէ ի՞նչ կը նշանակէր թաքնուիլ, աւելի՝ կորսուիլ» (էջ 35):
Փինար Սելեք կը պատմէ իրեն ժամանակակից հայերու դժբախտութեան ոդիսականը: «Ամէն բան կորսնցնելէ ետք, Պոլսոյ 60.000 հայերը իրենք եւս անտեսանելի դարձած էին: Փոքրամասնութիւն ըլլալու կարգավիճակը իրենց համայնքի մշակութային եւ ընկերային փրկութեան միակ լաստն էր: 15 միլիոն բնակչութեամբ քաղաքի հսկայ ամբոխին մէջ, գրիգորեան (իմա՛ հայ առաքելական, Յ.Պ.) եկեղեցիին շուքը, իրողութեան մէջ, Պետութեան աչքին, բզէզներու ծակ մըն էր: Հայերը հոն ապաստանած էին կարենալ ողջ մնալու համար»: (էջ 39):
Հեղինակը իր հայկական փորձառութիւնը կ՛ամփոփէ. «Ընկերակցութեամբ աննշմարելի մրմունջներու, շուարած աղջիկ մը կորսուած քաղաքի մը մէջ, երկար կը թափառէի բացակայ արդարութեան մը հետքերուն վրայ» (էջ 39):
Այս քաջ կինը, իր գիրքի յաջորդ էջերուն մէջ կը պատմէ իր ոդիսականը. դատեր, դատապարտութիւններ, չարչարանքներ: Այլապէս հետաքրքրական է, այդ հալածանքի տարիներուն, իր հանդիպումը «Նշան ամչա» անունով հայուն հետ, որուն հետ կը վերսկսի ցեղասպանութեան մէջ իր ճամբորդութիւնը: Նաեւ ճամբորդութիւնը Մուսա լեռ, հանդիպում Վաքըֆ գիւղի մնացորդացին հետ: Կը նկարագրէ որ հայերը յաճախ կը ստիպուէին իրենց անունները փոխել. դատարան դիմելով. Ֆիրադ, Մուրատ, Օրհան, փոխան Ստեփանի եւ Արմենակի…
Փինար Սելեք կը խօսի Հրանդ Տինքի մասին: Կ՛ըսէ, որ Հրանդ Տինք եւ «Ակօս» թերթը հիմնովին փոխեցին երկրի պայքարող հասարակութեան դիմագիծը, բուռն կերպով քննադատելով պետութիւնը եւ ընդդիմութիւնը, քարացած մտայնութիւնները: Կը խօսի նաեւ Աթաթիւրքի 1922ին որդեգրած հայուհիին՝ «Սապիհա հանըմ»ի մասին:
Յուզումով կը խօսի Հրանդ Տինքի ուղիին, բանտարկութեան եւ սպանութեան մասին: Կ՛ամփոփէ Հրանդ Տինքի դերը՝ Թուրքիոյ հասարակական կեանքին մէջ.
«Թուրք պատմութեան մէջ առաջին անգամն ըլլալով մարդիկ կը խմբուէին հայու մը համար: Առաջին անգամն ըլլալով ցեղասպանութենէն ի վեր, երիտասարդ Հայեր քաջաբար կը մասնակցէին բուռ մը պայքարողներու սկսած շարժման, կոտրելու համար դար մը հնութիւն ունեցող լռութիւնը» (էջ 74): Եւ «Այսպէս ես վարժուեցայ հրապարակաւ դատափետել ցեղասպանութեան դեռ ներկայ հետքերը, ատելավառ խօսքը դասագիրքերու, հեռատեսիլի, առօրեայ խօսակցութիւններու: Հասկցայ, որ վարժութեան մը ընթացք հարկաւոր էր, զանոնք զատորոշելու համար» (էջ 75):
Գիրքին վերջին էջերը Փինար Սելեքի ճիչը եւ մարտահրաւէրը կը բերեն, պայքարելու համար ամէն կարգի բռնութիւններու դէմ:
Գիրք մը: 90 էջ: Թրքերէնէ թարգմանուած: Կարդացի 2015ին լոյս տեսած երկրորդ տպագրութիւնը:
Որքա՜ն լաւ պիտի ըլլար, որ գիրքը լոյս տեսնէր հայերէնով, հասնէր իւրաքանչիւր հայու, ըսելու համար, որ թուրք ազնիւ մտաւորականութեան ջանքերով թուրք ժողովուրդը իր զղջումի պահը պիտի ապրի, արդարութիւն պիտի ընէ, վերջ պիտի տայ չարիքին, անոր հետեւանքներուն եւ ցաւին: Որքա՜ն լաւ ըլլար որ ան լոյս տեսնէր տարբեր լեզուներով, սպաներէնով, չինարէնով, հնդկերէնով, արաբերէնով, որպէս նպաստ ապատեղեկատուութեան դէմ պայքարին եւ ժողովուրդներու փոխհասկացողութեան:
Փոքրիկ հատոր մը՝ որպէս ուժանակ՝ չարութեան սառցակոյտին դէմ:
one dove cannot prevent scorpions to not bite