Հակառակ անոր որ երկրի տնտեսական համատարած ճգնաժամը երթալով աւելի կը խորանայ, եւ հակառակ անոր որ շքեղութիւն համարուող առեւտրական տեսակները կը շարունակեն նահանջել, կերպարուեստի միջազգային փառատօները, ինչ որ չափով տուժելով հանդերձ, յարատեւօրէն կը բազմանան ամէնուրեք: Պատճառները մէկէ աւելի են: Նախ, ժամանակակից մարդը առօրեայ տաղտուկները շրջանցելու եւ ընկճախտը մեղմելու համար, հանապազօրեայ հացի նման պէտք ունի արուեստի կենարար ու սփոփիչ ուժին: Ապա փառատօները ոչ միայն կը նպաստեն մշակոյթի աշխուժացման, զարգացման եւ երկրի վարկի բարձրացման, այլեւ կառուցողական դեր կրնան կատարել նոյնի՛սկ տնտեսական ասպարէզէն ներս: Ներդրողներէն շատեր երբ յուսախաբ կ՛ըլլան անշարժ գոյքերէն եւ արժեթուղթերէն, իբրեւ աւելի ապահով ներդրում կը նախընտրեն իրաւ ու բարձրորակ կերպարուեստը:
Պատկերացուցէք, որ այս տարի նոյն օրերուն (4-10 Դեկտեմբերին) Մայամիի մէջ տեղի ունեցան քսաներեք կերպարուեստի միջազգային փառատօներ, որոնց շարքին մասնագիտացուածներ, ինչպէս՝ ջրաներկի, վիմատպութեան, լուսանկարչութեան, ափրիկեան կամ յարդարային արուեստի նուիրուած յատուկ փառատօներ: Այս մէկը իւրայատուկ երեւոյթ է աշխարհի տարածքին եւ մեծապէս կը կարեւորուի ու կը քաջալերուի Միացեալ նահանգներու Ֆլորիտա նահանգի իշխանութիւններուն կողմէ: Մէկ խօսքով, աշխարհի տարբեր վայրերէն, յատկապէս ամերիկաներէն ամէն տարի Դեկտեմբերին Մայամի կը խուժեն բազում արուեստասէրներ, նախ արուեստի հմայքը ըմբոշխնելու, ապա անոնցմէ իւրաքանչիւրը ի հարկին իր ճաշակին կամ կարողութեան համապատասխան արուեստ ձեռք բերելու համար: Այնուամենայնիւ անոնք դժուարահաճ ու զգոյշ կը թուին ըլլալ իրենց ընտրութիւններուն մէջ, որովհետեւ, մէկ կողմէ, տեսականին չափազանց շատ է, միւս կողմէ, սխալելու պարագային, կրնան տհաճ կացութեան մատնուիլ:
«Նոազ Արք» ցուցասրահը, որ տարիներու հսկայական փորձառութիւն ունի այս բնագաւառէն ներս, անցնող Դեկտեմբերի 5-9 օրերուն մասնակցեցաւ Red Dot-Spectrum Miami համատեղ կերպարուեստի միջազգային փառատօնին: Այս անգամ անիկա կը ներկայացնէր վեց գեղանկարիչներ՝ Էդիկ Բերդեան, Պերճ Չաքէճեան, Վահրամ Դաւթեան, Սուրէն Ոսկանեան, Վահան Ռումելեան եւ Դաւիթ Դաւթեան: Ինչպէս միշտ, հոս եւս «Նոազ Արք»ի ներկայացուցած արուեստագէտները, իրենց առանձնայատուկ ատայայտչաձեւերով ու կատարողական բարձր մակարդակով արժանացան յատուկ ուշադրութեան եւ համապատասխան գնահատանքներու:
Ցուցահանդէսին անձնապէս ներկայ էր գանատահայ գեղանկարիչ Պերճ Չաքէճեան, որուն առինքնող եւ տարբերուող արուեստը ուրոյն հետաքրքրութիւն ստեղծեց յատկապէս կարգ մը արուեստաբաններու եւ լրագրողներու մօտ, որոնց տպաւորութիւնները յետագային կը խոստանանք թարգմանաբար մամուլին յանձնել: Շնորհիւ «Նոազ Արք» ցուցասրահի հետեւողական աշխատանքներուն անգամ մը եւս Հայ մշակոյթի այս երակը ճակատաբաց կը ներկայացուէր միջազգային արուեստասէր հանրութեան:
Այս առումով, պատահական չի կրնար ըլլալ, որ յիշեալ գեղանկարիչներէն երեքը (Վահրամ, Սուրէն եւ Դաւիթ) «Հպարտօրէն կը նեկայացուին» նաեւ Art Evolution-ի նման արուեստի միջազգային հաստատութեան մը կողմէ, որ գործակցաբար The Dali Universe Զուիցերիոյ մենաշնորեալ հիմնարկին Noah՛s Ark ցուցասրահին հետ, Սալվատոր Տալիի մահուան 30ամեակին առիթով, ձեռնարկած է ցուցահանդէսներու շարքի մը, որուն մեկնարկը սկսաւ 2018ի ամրան, Փարիզի Մոնմարթր պողոտայէն (ուր մնայուն ցուցադրութեան դրուած են Սալվատոր Տալիի քանդակները): Իսկ անցնող Ապրիլին, Մոնաքոյի գլխաւոր հրապարակին կից գտնուող «222» ցուցասրահին մէջ, «Տալիի տիեզերքը» ընդհանուր խորագիրին տակ կազմակերպուեցաւ յատկանշական խմբային ցուցահանդէս մը, ուր Տալիի կողքին, ցուցադրուեցան հինգ տարբեր բնոյթի գերիրապաշտ արուեստագէտներու գործերը, ինչպէս՝ Չարլզ Պիլիչ, Թոլըր, Գրանթսըն, Վահրամ Դաւթեան, Սուրէն Ոսկանեան եւ Դաւիթ Դաւթեան: Ապա նոյն բովանդակութեամբ «Տալիի Տիեզերքը» ցուցահանդէսը տեղափոխուեցաւ Սիտնիի «Պիլիչ» ցուցասրահը, որուն բացումը տեղի ունեցաւ անցնող Նոյեմբերի 15ին: Տրուած ըլլալով որ այս միջոցառումը երեւոյթ դարձաւ Սիտնիի մէջ, որոշուեցաւ անոր ցուցադրումը շարունակել մինչեւ 2019ի Յունուարի վերջը: Իսկ յաջորդ հանգրուանը պիտի ըլլայ Մելպուրնը: Այս առիթով հրատարակուած է նաեւ շքեղ պատկերագիրք մը՝ «Տալիի Տիեզերքը» ընդհանուր խորագիրին տակ, որուն առիւծի բաժինը արդարօրէն յատկացուած է Տալիին, ուր յաջորդաբար ներկայացուած են նաեւ վերոյիշեալ գեղանկարիչները՝ Պիլիչ, Քրենթըն, Վահրամ, Սուրէն եւ Դաւիթ: Այս բոլորին զուգահեռ, այս տարուան «Նոազ Արք»ի մեծագոյն նուաճումը եղաւ այն, որ իրաւունք ստացաւ ներկայացնելու եւ ցուցադրելու Սալվատոր Տալիի ստեղծագործութիւնները:
Ինչպէս նախորդ տարիները, 2018ին եւս արդիւնաւէտ տարի մը կրնանք համարել «Նոազ Արք»ի համար, որուն ընթացքին կենսական դեր կատարեց նաեւ «Ֆրանգոֆոնեան Ծիրի վրայ» խորագրեալ ցուցահանդէսը, որ տեղի ունեցաւ անցնող Հոկտեմբերին, Պէյրութի «Նոազ Արք» ցուցասրահէն ներս, հովանաւորութեամբ Լիբանանի մօտ Ֆրանսայի եւ Հայաստանի զոյգ դեսպաններուն: Ցուցադրուեցան ֆրանսահայ հինգ ականաւոր գեղանկարիչներու (Էտկար Շահին, Գառզու, Ժանսեմ, Շարթ եւ Ասատուր) յիսունէ աւելի գործերը, որոնք, մեծապէս գնահատուեցան իբրեւ տարբեր մշակոյթներու խաչաւորման արգասիք եւ բարեկամութեան խորհրդանշան:
Այսպիսով «Նոազ Արք»ը կը շարունակէ հայ կերպարուեստը տարածելու իր առաքելութիւնը:
ԹՂԹԱԿԻՑ
Ծանօթ.- Այս առիթով տրուած մամլոյ հաղորդագրութենէ մը կը տեղեկանանք, թէ Սալվատոր Տալիի սոյն ցուցահանդէսը շրջագայութեան պիտի դրուի Աւստրալիոյ կարգ մը գլխաւոր քաղաքներու եւ այլ երկիրներու մէջ: Թուականները պիտի յայտարարուին օրին: