Միութեան մը յարատեւման գլխաւոր երաշխիքը իր առաքելութիւնն է եւ իրականացող նպատակները, այլապէս՝ անիկա երկար կեանք չ՛ունենար:
Հպարտ ենք, որ Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան՝ ՀՄԸՄի, հիմնադիրները այս հեռատեսութիւնը ունենալով՝ որդեգրեցին ՀՄԸՄի համար յստակ նպատակներ, որոնց իբրեւ հետեւանք անիկա գոյատեւեց ամբողջ մէկ դար:
Տնտեսական, ընկերային, քաղաքացիական պատերազմներու իբրեւ հետեւանք՝ հայու թափառական ճակատագիրին ենթարկուած եւ հետզհետէ հեռաւոր այս ափերուն վրայ բազմացած երիտասարդութիւնը Եռագոյն դրօշին տակ համախմբելու, անոր հայեցի դաստիարակութիւն տալու եւ մարդկային նկարագիր կերտելու անվիճելի իրողութեան անհրաժեշտութիւնը զգալով՝ ՀՄԸՄը դիմագրաւեց իր ճամբան խոչընդոտող բոլոր դժուարութիւնները: Եւ ահա այսօր, 100 տարիներու փորձառութեամբ եւ հարուստ պատմութեամբ՝ կը ներկայանայ հանրութեան, անդրդուելի մնալով իր առաքելութեան մէջ:
Երբ մտածենք եւ հարց տանք, թէ ինչո՛ւ այս բոլոր զոհողութիւնները, ինչո՛ւ ՀՄԸՄ եւ ոչ այլ կազմակերպութիւն, կ՛ընկալենք այս հսկայ կազմակերպութեան՝ Առաքելութիւնը, «Բարձրացի՛ր, բարձրացո՛ւր» նշանաբանը, «Առողջ միտք՝ առողջ մարմինի մէջ», «Միշտ պատրաստ», «Մեր լաւագոյնը» կարգախօսները, կը հասկնանք անոր անհրաժեշտութիւնը մեր կեանքին ու իրականութեան մէջ:
ՀՄԸՄը հաստատուն քայլերով ծնունդ առաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը գործադրած պետութեան մայրաքաղաք Պոլսոյ մէջ: Մեծ Եղեռնէն ետք, այս նախաձեռնութիւնը քաջարի քայլ մըն էր, որուն համար մեր հիմնադիրները միա՛յն պատիւի արժանի էին:
ՀՄԸՄը ենթարկուեցաւ հայու ճակատագիրին եւ անցաւ բազմաթիւ հանգրուաններէ, սակայն կանգուն մնաց, ծլեցաւ, ծաղկեցաւ եւ այսօր տիրական ներկայութիւն է արդէն աշխարհի տարածքին:
Երբ հպանցիկ ակնարկ մը նետենք ՀՄԸՄի պատմութեան վրայ, ապա պիտի տեսնենք, թէ անիկա պատմական գեղեցիկ զուգադիպութեամբ մը ծնունդ առաւ մեր հայրենիքի առաջին Հանրապետութեան ստեղծման տարին՝ 1918ին: Անիկա գործեց նաեւ մեր անկախ պետութեան մէջ: Սակայն հազիւ չորս տարեկան, քաղաքական ծանօթ պատճառներով, անիկա պարտադրաբար լուծուեցաւ Պոլսոյ մէջ, իսկ Հայաստանի խորհրդայնացումով՝ անոր գործունէութիւնը վերջ գտաւ նաեւ հայրենիքի մէջ:
Գաղթական հայութեան հետ գաղթական դարձաւ նաեւ ՀՄԸՄը: Սակայն՝ չկորսուեցա՛ւ: Կազմաւորուած իւրաքանչիւր հայկական գաղութի մէջ անիկա վերածաղկեցաւ եւ իր առաջնահերթ պարտականութիւնը դարձուց ապագայ իր ղեկավարութիւնը պատրաստելը: Համախմբեց հայ պատանին եւ անոր տուաւ ազգային դիմագիծ, հայրենիքի հանդէպ սէր, պահանջատիրութեան ոգի, պատուախնդիր հայու նկարագիր, մանաւա՛նդ պատկանելիութիւն եւ մասնաւորաբար՝ արժանապատուութեան գիտակցութիւն:
Մէկ խօսքով, ՀՄԸՄը, հաւատարիմ մնալով իր առաքելութեան՝ իր արդար բաժինը բերաւ սփիւռքահայութեան ազգային գոյատեւման ջանքերուն՝ ըլլայ Միջին Արեւելքի, Եւրոպայի թէ Ամերիկայի տարածքին: Սակայն, այս բոլորին առընթեր, հայրենիքի ծարաւը կը տանջէր սփիւռքահայութիւնը: ՀՄԸՄին ալ երազանքն էր Ազատ ու Անկախ հայրենիքի մէջ գործել, Արարատի լանջերուն բանակիլ եւ Հրազդան մարզաւանին վրայ մրցակցիլ:
1990ին, ա՛յդ երազն ալ իրականացաւ, երբ Կեդրոնական վարչութեան վստահութեամբ՝ ՀՄԸՄի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու շրջանը հայրենիքի մէջ ՀՄԸՄը վերակազմակերպելու պատասխանատու պարտականութիւնը ստանձնեց: Մեր խմբապետ-խմբապետուհիները, ի գին մեծ զոհողութիւններու, հայրենի ՀՄԸՄի վերստեղծման մէջ իրենց օգտակար ներդրումը ունեցան եւ մինչեւ օրս նոյն ոգիով կը շարունակեն գործել:
Եւ դեռ աւելին. ՀՄԸՄը Հայաստանի մէջ պետական ճանաչում ստացաւ եւ դարձաւ Հայաստանի Ազգային Սկաուտական կազմակերպութիւն՝ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ, որ արդարացուց ինքզինք: Քարքարոտ մեր երկրին մէջ, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿին ցորենի հատիկները ուռճացան եւ հասկի վերածուեցան: 1997էն ի վեր, միջազգային ճանաչման արժանացած է ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿը:
Սփիւռքահայութեան գուրգուրանքով պահպանուած Եռագոյնը, այսօր ամէնուրեք կը ծածանի: Մեր սկաուտները չորս տարին անգամ մը կը բանակին իրենց իսկ սեփական բանակավայրին մէջ՝ Արագածի փէշերուն, Բիւրական: Մեր մարզական խումբերը հայրենիքի մէջ կը մասնակցին Համահայկական մարզախաղերուն՝ միշտ պատուաբեր արդիւնքներ արձանագրելով: Միասնական աշխատանքը կը շարունակուի եւ անվերջ պիտի շարունակուի:
ՀՄԸՄականը, հայու անքակտելի կամքով, ո՛ւր ալ ապրի՝ իր տիպար քաղաքացիութեամբ կը հմայէ իր շրջապատը, բայց ան միշտ կապուած կը մնայ իր ազգին, որովհետեւ գիտէ ազգակիցը սիրել, հայրենիքը սիրել եւ հայրենիքը շնչել՝ իր գործունէութեա՛մբ: Թող անսպառ մնայ այդ շունչը, որպէսզի անվերջ ապրին մեր ազգն ու հայրենիքը:
ՀՅԴ
Արեւմտեան Ամերիկայի
Կեդրոնական Կոմիտէն
Կը Շնորհաւորէ Համայն Հայութեան
ՆՈՐ ՏԱՐԻՆ ԵՒ Ս. ԾՆՈՒՆԴԸ
Նորանոր Յաղթանակներ Մաղթելով
Հայ Դատի Հետապնդման Ճանապարհին