Հայաստան կը վերահաստատէ իր շատ յստակ դիրքորոշումը բանակցային փաթեթին մէջ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակին եւ անվտանգութեան գերակայութեան վերաբերեալ: Այս մասին, Չորեքշաբթի օր խօսեցաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Աննա Նաղտալեան՝ պատասխանելով Հանրային պատկերասփիւռի ընկերութեան «Լուրեր» ծրագիրի հարցումին՝ թէ ինչպէս կը մեկնաբանէ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի վերջին յայտարարութիւնը ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման վերաբերեալ:
«Երկու մօտեցում կրնայ ըլլալ այս յայտարարութեան նկատմամբ: Կրնանք վերահաստատել մեր շատ յստակ դիրքորոշումը բանակցային փաթեթին մէջ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակին եւ անվտանգութեան գերակայութեան վերաբերեալ՝ երկու պարագային ալ տալով առաւել լայն պարզաբանումներ: Այնուամենայնիւ, կը կարծենք զսպուածութիւն պէտք է ցուցաբերել հանրային յայտարարութիւններու մէջ՝ այսպիսով սատարելով բանակցութիւններուն, եթէ, անշուշտ, անկեղծ փափաք կայ պահպանելու անոնց նկատմամբ յանձնառութիւնը: Ասիկա յատկապէս կը վերաբերի այն դէպքերուն, երբ փորձ կը կատարուի սեփական միակողմանի տեսակէտները, ըստ էութեան, իբրեւ նախապայմաններ ներկայացնելուն: Պէտք չէ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին փոխարէն որոշել իր կամքը:
Նախապայմանները, նաեւ՝ սպառնալիքները, ազդեցութիւն պիտի չունենան բանակցութիւններուն մէջ մեր դիրքորոշումին վրայ: Լաւատեսութեան կամ յոռետեսութեան դրսեւորումներուն՝ գործընթացին վրայ ներգործութիւն ունենալնուն առումով՝ հաւասարապէս անարդիւնաւէտ մեթոտներ են: Անհրաժեշտ է իրատեսական ըլլալ եւ իրապէս յանձնառու՝ բոլոր կողմերուն համար ընդունելի հանգուցալուծում գտնելու համար», ըսաւ Աննա Նաղտալեան: