ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Գերմանիոյ խորհրդարանին մէկ զեկոյցին համաձայն՝ Թուրքիա որակուած է իբրեւ Սուրիան բռնագրաւած երկիր մը:
Զեկոյցին մէջ արձանագրուած է, որ Սուրիոյ հիւսիսային Աֆրին, Ազազ, Պապ եւ Ճարապլուս քաղաքներուն մէջ թրքական զինուած ուժերուն ներկայութիւնը միջազգային իրաւունքի տեսանկիւնէն կը համապատասխանէ ռազմական գրաւման չափանիշներուն, կը հաղորդէ «T24.com.tr» կայքը:
Զեկոյցը պատրաստուած է Գերմանիոյ խորհրդարանի ձախակողմեան կուսակցութեանց խմբակցութեան նախաձեռնութեամբ: Խմբակցութեան նախագահ Սելիմ Տաղտելեն նշած է, որ տուեալ փորձագիտական զեկոյցը պէտք է Գերմանիոյ կառավարութեան համար իբրեւ զգուշացում ծառայէ: Ան նաեւ քննադատած է Գերմանիոյ իշխանութիւնները՝ Սուրիոյ մէջ Թուրքիոյ գործողութիւնները իբրեւ միջազգային իրաւունքի դրոյթներու ոտնահարում որակելէ խուսափելուն համար:
Նշենք, որ Գերմանիոյ կառավարութիւնը դատապարտած եւ անընդունելի համարած էր Թուրքիոյ զինուած ուժերուն կողմէ Սուրիոյ Աֆրին քաղաքին դէմ Յունուարին տեղի ունեցած ռազմական գործողութիւնը, սակայն ցարդ որեւէ յստակ մեկնաբանութիւն չէր ըրած այն մասին, թէ միջազգային իրաւունքի տեսանկիւնէն ինչ գնահատական պէտք է տալ Աֆրինի գործողութեան:
Թուրքիան Սուրիոյ տարածքին մէջ ռազմական գործողութիւններ իրականացնելու ընթացքին յղում կը կատարէ ՄԱԿի կանոնադրութեան 51րդ յօդուածին, որն է՝ ինքնապաշտպանութեան իրաւունք: Սակայն, ինչպէս նշուած էր Գերմանիոյ խորհրդարանի վերոնշեալ զեկոյցին մէջ, Թուրքիոյ կառավարութիւնը դեռ չէ մատնանշած Թուրքիոյ ուղղուած որեւէ իսկական սպառնալիք, որ կրնար ինքնապաշտպանական քայլեր ձեռնարկելու անհրաժեշտութիւն ստեղծել: