ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօնի նախօրեակին, եւ պահպանելով աւանդութիւնը, Վահան եւ Անոյշ Շամլեան Ազգային վարժարանի առաջին կարգի աշակերտները Հինգշաբթի, 20 Դեկտեմբերի կէսօրին այցելեցին Ազգային առաջնորդարան եւ հիւրընկալուեցան Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի կողմէ, որուն կողքին ներկայ էր Նարեկ Ա. քհնյ. Փեհլիվանեան։
Մօտաւորապէս 80 աշակերտներ, ընկերակցութեամբ վարժարանի տնօրէնուհիին՝ դոկտ. Թալին Քարկոտորեանի, փոխտնօրէնուհի Ռիթա Գաբրիէլեանի, դաստիարակներուն ու խումբ մը ծնողներու, առաջնորդարանի հասան կ.ա. ժամը 11ին։ Մանուկները նախ համախմբուեցան «Ս. Տրդատ եւ Ս. Աշխէն» մատրան մէջ, ուր առաջնորդ սրբազանին եւ տէր հօր հետ աղօթքեցին։ Ապա, անոնք առաջնորդուեցան «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահը, ուր ստեղծեցին տօնական օրերու մթնոլորտ։
Աշակերտները պատրաստած էին գողտրիկ յայտագիր մը, որ երգերով, արտասանութիւններով եւ տրամախօսութեամբ կը ներկայացնէր Յիսուս մանուկի ծննդեան պատմութիւնը, հիւսուած՝ տօնածառի հեքիաթին վրայ։ Պահը վերածուեցաւ ամանորեան գեղեցիկ հանդէսի մը։
Հանդէսի սկզբնաւորութեան, քանի մը աշակերտներ արտասանեցին ողջոյնի խօսք։ Անոնք ուրախութիւն յայտնեցին, որ առաջնորդարան կ՛այցելեն եւ շնորհակալ են, որ առաջնորդը կ՛ընդունի զիրենք։ Անոնք հաւաստեցին, որ ուրախ են ըլլալով «Շամլեան»ի աշակերտներ, նաեւ՝ արժանաւոր թոռները Ս. Մեսրոպ վարդապետին ու խոստացան պահպանել հայ լեզուն, սորվիլ մեր պատմութիւնը եւ ըլլալ տիպար հայ աշակերտներ։
Հանդէսի վերջին բաժինով, աշակերտները արտայայտեցին Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօնի բարեմաղթութիւններ ու շնորհաւորութիւններ։
Այնուհետեւ, Ս. Ծննդեան ու ամանորի երգերով, ընթացք առաւ տօնածառին հեքիաթը։ Ուշագրաւ եւ գնահատելի էին աշակերտներուն համաչափ եւ գեղեցիկ առոգանութեամբ արտայայտութիւնները։
Աւարտին, առաջնորդ սրբազանը արտասանեց գնահատանքի խօսք եւ մտերմիկ զրոյցի մը ճամբով, ուղղեց իր պատգամը։ Ան առանձնաբար գնահատեց աշակերտներուն մատուցումն ու ուսուցիչներուն եւ ծնողներուն գուրգուրոտ աշխատանքը, նշելով, որ այս յայտագիրին ճամբով, աշակերտները ուսուցիչի դեր կատարած են, յիշեցնելով հեքիաթն ու հայութեան հաւատարմութեան խոստումը։ Սրբազանը աշակերտները նմանցուց հրեշտակներու, որոնք կը վայելեն Աստուծոյ օրհնութիւնը, եւ մաղթեց, որ Ս. Ծննդեան տօնին առիթով, երկինքի աստղերը լուսաւորեն յառաջիկայ տարուան իւրաքանչիւր օրը եւ հաւատք, յոյս ու սէր տարածեն բոլորի հոգիներուն ու յարկերուն տակ, հեռու վտանգներէ ու տագնապներէ։
Աշակերտները յուշանուէրներ բերած էին առաջնորդ սրբազանին, որ իր կարգին, մանուկներուն նուիրեց Յիսուսի Ս. Ծննդեան դրուագը ներկայացնող պատկերներ։