ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 26 Դեկտեմբերին, վարչապետի պաշտօնակատարի կինը՝ «City of smile» բարեգործական հիմնադրամի Հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Աննա Յակոբեան, Երեւանի Պետական համալսարանի բժշկական ամպիոնի տնօրէն Արմէն Մուրադեանի, «City of smile» բարեգործական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Էսթեր Դէմիրճեանի հետ այցելեց «Մուրացան» հիւանդանոցային համալիր եւ Եօլեանի անուան արիւնաբանական կեդրոնը:
Մանկական ուռուցքաբան, արիւնաբան Գէորգ Թամամեանի եւ Եօլեանի անուան արիւնաբանական կեդրոնի տնօրէնի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Սամուէլ Դանիէլեանի ուղեկցութեամբ Աննա Յակոբեան այցելեց հիմնադրամի միջոցներով բուժուող երեխաներուն, որոնք չէին կրցած մասնակցիլ տիկնոջ կազմակերպած ամանորեայ ձեռնարկներուն:
Տիկին Յակոբեան շնորհաւորեց փոքրիկներու Ամանորը եւ Սուրբ Ծնունդը ու անոնց յանձնեց նուէրներ: