ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան Չորեքշաբթի, 19 Դեկտեմբերին, լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Ատրպէյճան ի սկզբանէ մերժած է Ս. Փեթերսպուրկի եւ Վիեննայի պայմանաւորուածութիւնները:
Մայիս 2016ին, Վիեննայի մէջ, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի նախագահներ Իլհամ Ալիեւ եւ Սերժ Սարգսեան որոշած էին շփման գիծին վրայ մշտադիտարկման եւ միջադէպերու հետաքննութեան համակարգեր զետեղել:
«Ամբողջ խնդիրն այն է, որ Ադրբեջանը պնդել է՝ նման պայմանաւորուածութիւններ ընդհանրապէս չկան: Ես ուզում եմ բոլորի ուշադրութիւնը հրաւիրել այն փաստի վրայ, որ ես՝ որպէս երկրի ղեկավար պաշտօնական բանակցային որեւէ գործընթացի դեռեւս չեմ մասնակցել», ըսաւ Փաշինեան, աւելցնելով, որ ընդամէնը երկու անգամ զրուցած է Ալիեւի հետ: