Սպանիոյ Մատրիտ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի սամպոյի ախոյեանութեան մրցումներուն, արցախցի մարզիկները գրաւեցին առաջին, երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը, կը տեղեկացնէ «Արցախփրէս»ը:
Մարզիչ Էռնեսթ Միրզոյեանի գլխաւորութեամբ, արցախցի մարզիկներէն Սերգէյ Կարապետեան 74 քկ. դասակարգին մէջ (մարտական սամպօ) գրաւեց առաջին դիրքը, Դաւիթ Պետրոսեան 82 քկ. դասակարգին մէջ (մարտական սամպօ) գրաւեց 2րդ դիրքը, իսկ Դաւիթ Գրիգորեան՝ 3րդ դիրքը: