Հայաստան Ռուսիոյ ամենամտերիմ գործընկերն է Հարաւային Կովկասի մէջ: Այս մասին, ըստ «Արմէնփրէս»ի, ամէնամեայ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտարարեց Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին՝ պատասխանելով լրագրողի մը հարցումին՝ թէ «Ռուսիա ինչպէ՞ս կը պատրաստուի վերականգնել յարաբերութիւնները Հայաստանի հետ խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք»:
«Մենք չունինք որեւէ բան, որ քանդուած է եւ կարիք ունի վերականգնման: Հայաստան մեր ռազմավարական գործընկերն է տարածաշրջանին եւ աշխարհի մէջ, եւ ՀԱՊԿի եւ ԵԱՏՄի անդամ է: Մենք պէտք է զարգացնենք այն, ինչը ունինք», յայտարարեց Փութին:
Ան ընդգծեց, որ հայ ժողովուրդը Ռուսիոյ ամէնէն մտերիմ գործընկերն է Հարաւային Կովկասի մէջ: «Այդպէս եղած է պատմականօրէն, այդպէս կայ եւ յոյսով եմ, որ այդպէս պիտի ըլլայ: Մենք պէտք է գործենք՝ նկատի ունենալով ներկայ իրավիճակը աշխարհի ու տարածաշրջանին մէջ: Այս հարցերը մօտ օրէն պիտի քննարկենք պարոն Փաշինեանի հետ, որ պիտի այցելէ յառաջիկայ շաբաթ», ըսաւ Փութին: