ՊԱՔՈՒ, «Armenia.az».- Չորեքշաբթի, 19 Դեկտեմբերին հրաւիրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա յայտարարեց, որ փորձագէտները այս հանգրուանին իրենց ուշադրութիւնը կեդրոնացուցած են Արցախի հակամարտութեան կարգաւորման համար ստեղծական գաղափարներ մշակելու ջանքերուն վրայ:
Մեկնաբանելով Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի կողմէ Պաքուի մէջ կատարուած այն յայտարարութիւնը, թէ «կարգաւորման հիմքերը պարզ են եւ պէտք է գտնել այնպիսի մարտավարական ու ստեղծական գաղափարներ, որոնք պիտի արտօնեն փոխզիջումներ ձեւաւորելու»՝ Զախարովա ըսաւ. «Այդ խօսքերը կը վերաբերին ապագային, որպէսզի նման գաղափարներ մշակուին եւ անոնք պէտք է ըլլան ստեղծական: Հիմա փորձագէտները այդ գործով կը զբաղին»։