ԵՐԵՒԱՆ.- «Նոր Հայաստան, Նոր Հայրապետ» նախաձեռնութիւնը Շաբաթ, Դեկտեմբեր 15ին նոր ցոյց մը կազմակերպեց Էջմիածինի մէջ, սակայն, կաթողիկոսի հրաժարականը պահանջող նախաձեռնութեան անդամներուն եւ կաթողիկոսին աջակիցներուն միջեւ բախումներ տեղի ունեցան: Կաթողիկոսին աջակիցները ֆիզիքական վնասներ պատճառեցին ցոյցի մասնակիցներէն ոմանց, անոնց ինքնաշարժներուն եւ հաւկիթ ու թրիք շպրտեցին անոնց վրայ:
Ոստիկանութիւնը միջամտեց եւ ձերբակալեց երկու անձեր։