ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ռոյթըրզ».- Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը 13 Դեկտեմբերի երեկոյեան վաւերացուց բանաձեւ մը, որ այլախոհ սէուտցի լրագրող Ճամալ Խաշոկճիի սպանութեան հարցով կը դատապարտէ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մուհամմատ պըն Սալման իշխանը, հակառակ անոր, որ նախագահ Տանըլտ Թրամփ կը շարունակէ զօրակցիլ իշխանին։
Յիշցնենք, որ Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի ատենապետ Պապ Քորքըր պարտադրուած եղած էր բանաձեւէն վերցնելու պատժամիջոցներու բաժինը, որովհետեւ կարելի չէ եղած համաձայնութիւն մը գոյացնել Խաշոկճիի սպանութեան հարցով Ռիատի դէմ պատժամիջոցներ սահմանող բանաձեւի մը շուրջ։ Ան յայտնեց, թէ յոյս ունի, որ նոր Ծերակոյտը Յունուարին կը քննէ նման բանաձեւ մը։
Ծերակոյտը 13 Դեկտեմբերին վաւերացուց նաեւ Եմէնի պատերազմին մէջ Սէուտական Արաբիոյ տրամադրուող ամերիկեան օժանդակութիւնները կասեցնել պահանջող բանաձեւ մը, սակայն քաղաքական մեկնաբաններ կը յայտնեն, թէ ներկայ Ներկայացուցիչներու տունը հաւանաբար չքննէ այս բանաձեւը։