ՊԱՔՈՒ, «Armenia.az».- Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստին մասնակցելու համար Ատրպէյճան գտնուող Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլու Ուրբաթ, 14 Դեկտեմբերին հանդիպում մը ունեցաւ նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ:
Չաւուշօղլու հանդիպման ընթացքին կրկնեց, թէ հայ-ատրպէյճանական՝ Արցախի հակամարտութեան կարգաւորման ջանքերուն մէջ Անգարա պիտի շարունակէ աջակցիլ Պաքուին, անգամ մը եւս պնդելով, որ տագնապը պէտք է լուծուի «Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան ծիրին մէջ»։
Ըստ Ատրպէյճանի նախագահի պաշտօնական կայքի տուեալներուն՝ Իլհամ Ալիեւ երախտագիտութիւն յայտնեց թրքական կողմին՝ «Լեռնային Ղարաբաղի հարցին մէջ Ատրպէյճանի արդարացի դիրքորոշման աջակցելուն համար»:
Չաւուշօղլու նաեւ ընդգծեց Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ մասնակցութեամբ իրականացող տարածաշրջանային շարք մը ծրագիրներու իրականացման կարեւորութիւնը: