ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ
Մեր բառերուն ամէնէն սիրունատեսը:
Դէմքը ծանօթ էր տեղէ մը: Արտայայտութի՞ւնն անոր՝ հեղ մը զուարթադէմ, հեղ մը՝ տխրադէմ, բայց միշտ հարազատ եւ անմիջական: Քանի՜ քանի անգամներ դէմ դիմաց նստեր ենք անոր հետ եւ ունեցեր ենք ջերմ զրոյցներ: Դիմաստուերն անոր՝ համաչափ եւ սիրունատես: Զայն կոչեր են լուսադէմ, երբեմն ալ՝ մանկադէմ, քանզի բարի է եւ անմեղ: Դիտել զայն ու երազել՝ քաղցր է: Շատեր սիրահարեր են անոր եւ երգեր յօրիներ, շատ սիրտեր կարօտ մնացեր են անոր անոյշ տեսոյն եւ այրեր են անոր համար… Յարգելի ընթերցող, այսօր պիտի նստինք հայոց անցեալի պաշտելի դէմքերուն առջեւ ու պիտի զրուցենք «դէմք» բառին մասին:
Հայաստանեան աշակերտական պտոյտին նախավերջին օրն է: Անցած տասնչորս օրերուն, թանգարաններու մէջ եւ յուշարձաններու մօտ հանդիպեր էինք հայ ժողովուրդի երեւելի դէմքերուն՝ Կոմիտասին, Թումանեանին, Չարենցին, Մաշտոցին, Տէրեանին…. Զրուցեր էինք անոնց հետ, արտասաներ ու երգեր էինք անոնց համար: Իսկ այսօր, ուզեր ենք բոլորին հրաժեշտ տալ: Լաւագոյն տեղը «Գաֆէսճեան» արուեստի կեդրոնն է, ուր կայ Գրիգոր Խանճեանի հսկայական եռամաս որմանկարը, որուն մաս կը կազմէ «Վերածնուած Հայաստան»ը՝ հայոց պատմութեան երկու տասնեակ լուսաւոր դէմքերու խմբանկարը:
Ցուցասրահին առջեւ մեզ կը դիմաւորէ ժպտադէմ արուեստաբան Աստղիկը: Երբ ան կը սկսի հոն ներկայացուած անձերը ծանօթացնել, կը քօղազերծուի նաեւ «դէմք» բառին պատմութիւնը:
Հին է բառս ու չենք գիտեր, թէ առաջին անգամ ե՛րբ ցոյց տուեր է իր երեսը: Ստուգաբաններ զայն կը համեմատեն հարեւան լեզուներու նոյնիմաստ բառերուն հետ. Միջին Պարսկերէն «դէմ», պարսկերէն «դիմ», աւեստերէն «դաէման», բոլորին մէջ կը նշանակէ «նայուածք, երես, տեսք»: Եղիշէ պատմիչը երբ գրի կ՛առնէր Վարդանանց պատերազմը, քրիստոնեայի դիմագիծը նկարագրելու համար դիմեր է «դէմք» բառին՝ թարգմանաբար այսպէս. «Չի սարսափիր սառնամանիքէն, տապէն, տանջանքէն, սպառնալիքէն, բայց զուարթագին դէմքով վեր կը նայի Քրիստոսին»: Եղիշէ պատմիչէն շատ առաջ, Ն.Ք. 2րդ դարուն բառը դարձեր էր նախարարական ընտանիքի անուն՝ Դիմաքսեան: Մովսէս Խորենացին կը պատմէ, թէ Արտաշէս Ա. թագաւորի դայեակորդի Գիսակը փրկեր է արքան, սակայն դէմքը կիսուեր է սուրով: Անոր տոհմը ստացեր է նախարարական ընտանիքի աստիճան եւ «Դիմաքսեան» կոչումը:
Աստղիկը կը մատնանշէ նկարին վերի մասը ու կը սկսի ներկայացնելու հայկական քնարերգութեան երեւելի դէմքերը՝ Իսահակեանը, Թումանեանը, Շիրազը… Ան պիտի խօսի նաեւ Թումանեանի կիսաւարտ ձեռքին մասին:
«Դէմք» բառընտանիքը նախանձելի հարստութիւն ունի: Գրաբար հայերէնը ունեցեր է քսանէ աւելի արտայայտութիւն, ինչպէս՝ «դէմ յանդիման», «դէմ առ դէմ», «դէմ դնել», «մեռելատիպ դէմք», «այլանդակեալ դէմք»: 70ի չափ են այն բառերը, որոնք «դէմք»ով կը սկսին եւ 160ի չափ են անոնք, որոնք «դէմք»ով կը վերջանան: Այդ հաւաքածոն, բնական է, որ ունենար պատկերալից ածականներ: Ուստի, ունեցեր ենք տժգունադէմ, դեղնադէմ եւ դալկադէմ հիւանդներ, թախծադէմ եւ տխրադէմ բանաստեղծներ: Հանդուրժեր ենք երկդիմի, անասնադէմ, դիմազուրկ, դիմածածուկ, դիւադէմ եւ կեղծադէմ մարդիկ: Բարեբախտաբար աշխարհի վրայ եղեր են բարեդէմ, սիրունադէմ, գեղադէմ, արեւադէմ, անուշադէմ, գեղեցկադէմ, քաղցրադէմ եւ չքնաղադէմ անձեր:
Որմանկարին աջ կողմը, նկատել կու տայ Աստղիկը, շինարար դէմքեր են՝ Թորամանեանն ու Թամանեանը, իսկ ձախ անկիւնը՝ երաժիշտներ Խաչատուրեանն ու Սպենդիարեանը:
«Դէմք» բառը մեր բանաստեղծներուն համար եղաւ պաշտելի: Անոր ուրուագիծին մէջ հայ քնարերգակը սիրեց տեսնել գեղուհի մը, շատ անգամ՝ անոր կարօտը: Արտաշէս Յարութիւնեան գրեց. «Դէմքէդ շքեղ ու փարթամ… դիմաստուեր մը տարտամ»: Տէրեան անոր ձայնակցեցաւ. «Կրծքիս դիր դէմքը քո տխրադալուկ», «Մօր պէս քնքշաբար մօտեցիր դէմքիս»: Ունեցանք բանաստեղծներ, որոնք կեանքի դաժան դէմքը տեսան երիտասարդ տարիքին: Մէկը Մատթէոս Զարիֆեանն էր.
«Աղօթէ՛, քոյր թախծադէմ,
Նայէ որքա՜ն գունատ եմ»:
Իսկ Պետրոս Դուրեան «դէմք»ով նկարագրեց ինքզինք. «Մոմ մը վտիտ ու մահադէմ», «Լճակի մը պէս ես մեռած, դալկահար դէմքդ ու հայեցուած»: Դուրեանին կը պատկանին նաեւ «լուսին դէմք կոյս» եւ «դէմքին վարսի հոյլը ծածկած հարս» գրական պատկերները: Իսկ Չարենց, որուն տան մէջ արտասաներ էինք երեք բանաստեղծութիւն, գիտէր, թէ մահուան օրը կը դառնայ լուսին.
Բոլորի սրտում կը կանգնի յանկարծ
Անհաղորդ, ինչպէս հեռաւոր լուսին,
Իմ դէմքը՝ արդէն յաւիտեան հանգած»:
Ինչպէ՞ս չյիշել «դիմառնութիւն»ը, գրական ընտիր ոճ, ուր անշունչ առարկան կը մարդանայ ու կը խօսի ընթերցողին հետ: Մեր գրական ժառանգութեան ակնյայտ դիմառնութիւններէն է Ներսէս Շնորհալիի «Ողբ Եդեսիոյ» վիպերգութիւնը, ուր պատկերուած է 1144 թուականին հայաշատ այդ քաղաքի գրաւումն ու աւերումը: Բանաստեղծութեան մէջ Եդեսիան որդեկորոյս սգաւոր այրի է ու կ՛ողբայ. «Քանզի նստիս որբ եւ այրի, տխուր դիմօք»: Նոյն ստեղծագործութեան մէջ օտարադէմ ասպատակողներ գերի կ՛առնեն այն հայուհիները, որոնք «գեղեցիկ դիմօքն էին»:
Բառս, որպէսզի երեսը բարձր պահէ, յարեցաւ գեղարուեստին ու մեզի տուաւ երկու նոր բառ. դիմանկար եւ դիմաքանդակ: Ան նաեւ դարձաւ գիրքի անուն «Սրբազան Հայկազունք Կամ Դէմքեր Ազգային-սրբազան Պատմութեան», «Ստուերք Հին Դէմքերու», «Դիմաստուերներ»: «Դէմք» բառով լոյս տեսած ամենայայտնի գիրքերէն մէկը Արշակ Չօպանեանի մանրազնին ուսումնասիրութիւնն է՝ «Դէմքեր. Գ. Նարեկացի – Մխիթար (Սեբաստացի) – Աբովեան – Ալիշան – Այտնեան – Խրիմեան Հայրիկ – Կոմիտաս Վարդապետ – Թ. Թէրզեան – Գ. Սունդուկեանց»: Իսկ օր մը Պոլսոյ մէջ յայտնուեցաւ երգիծաբան մը, որ ազգային ջոջերը դիմակազուրկ կրնար ընել: Այն ժամանակ ժպտաց հայ ընթերցողին դէմքը: Յակոբ Պարոնեանն էր ան. «…Տիգրան Իւսուֆեան՝ այս երեսփոխանը Միջագիւղ ծնած է 1835ին՝ եթէ դէմքին նայիս, 1854ին: Կարապետ Ութուճեան՝ ծնած ժամանակն այնչափ խոժոռադէմ էր, որ դայեակը վախենալով ինքզինքը սենեակէն դուրս նետեց: Այս մարդուն դէմքը սրտին հետ հակասութեան մէջ է: Շիշմանեան էֆէնտի՝ այնպիսի դէմք մը ունի, որ կարծես փռնգտալ կ՛ուզէ եւ չկրնար: Օրիորդ Գարագաշեան՝ եթէ դերասանական կեանքին մէջ պակասութիւն մը ունի՝ ան ալ սա է, որ տեսարան ելած ժամանակը միշտ այնպիսի դէմքով մը կ՛ելնէ, որ կարծես թէ հոգաբարձու մ՛է, որ վարժարան կը մտնէ»:
Աստղիկը կը սկսի նկարի կեդրոնական դէմքը ներկայացնելու՝ մայրացած հայուհին. «Երեխե՛ք, որմանկարում Հայաստանի վերածնման գաղափարն է արտայայտուած, նորածինը գրկին կնոջ ֆիգուրով: Նա գեղադէմ է եւ բարեդէմ: Դիմագծից գիտենք, թէ նա գթասիրտ է եւ բարեխօս»:
«Դէմք»՝ միավանկ մը, որ երկու հազարամեակ նկարագծեց հայու մարդկային գիծերը եւ հոգեվիճակները: Մաղթենք, որ անիկա յաւերժ ժպտայ ու մնայ սիրունատես: