Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ կը նախատեսուի ստորագրել «Հայաստանի հետ ճարտարագիտական համագործակցութեան գործիք» ֆինանսաւորման համաձայնագիրը: Ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ համաձայնագիրի ստորագրման նպատակայարմարութեան մասին որոշման նախագիծը արժանացաւ կառավարութեան հաւանութեան: Փաստաթուղթին նպատակն է տնտեսական առանցքային բարեփոխումներու հարցով Հայաստանի Հանրապետութեան աջակցութիւն ցուցաբերել շարք մը ոլորտներու մէջ:
Համաձայնագիրով նախատեսուած է տրամադրել ճարտարագիտական աջակցութիւն, մասնաւորապէս հետեւեալ ոլորտներուն՝ տնտեսական կառավարում, պետական եւ մասնաւոր ներդրումներու ներգրաւում, գործարար եւ ներդրումային միջավայր, առեւտուրի եւ շուկայի հնարաւորութիւններ, հաղորդակցութիւն եւ ուժաբանութիւն:
Համաձայնագիրով նախատեսուած ճարտարագիտական աջակցութիւնը կը նախատեսուի տրամադրել, նաեւ «Թուինինկ» ծրագիրներուն միջոցով, որ կրնայ նաեւ կիրառուիլ ՀՀ-ԵՄ Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրի եւ Հայաստանի հետ գործընկերութեան առաջնահերթութիւններու իրականացման համար կարեւոր համարուող այլ ոլորտներու մէջ:
Համաձայնագիրը կը ֆինանսաւորուի Եւրոպական Միութեան պիւտճէէն՝ Եւրոպական հարեւանութեան մեքենակառույցի ծիրին մէջ: Ծրագիրը պիտի արժէ 7.5 միլիոն եուրօ:
Նշենք, որ համաձայնագիրի իրականացման ժամանակահատուածը 66 ամիս է: