ԱԼԻՍ ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ
(Ծնեալ՝ Յուլիս 4, 1931ին)
Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ կնոջ, մօր, մեծ մօր եւ հարազատին՝ Ալիս Գարակէօզեանի մահը, որ պատահեցաւ Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 11, 2018ին, յետ երկարատեւ հիւանդութեան։
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 18, 2018ին, առաւօտեան ժամը 10ին, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, 500 S. Central Ave., ապա թաղումը՝ Hollywood Hills Forest Lawn գերեզմանատան մէջ։
Սգակիրներ՝
Ամուսինը՝ Նազարէթ Գարակէօզեան
Զաւակները՝ Կրեկըրի եւ Վերոնիքա Գարակէօզեան եւ զաւակները
Վահէ եւ Լարա Գարակէօզեան եւ զաւակները
Դուստրը՝ Մարիա եւ Քեռի Թրթռեան եւ զաւակները
Եղբայրը՝ Տէր եւ տիկ. Ալպեր Թերզեան եւ զաւակները
Եղբայրը՝ Տէր եւ տիկ. Էտմօն Թերզեան եւ զաւակենրը
Եւ համայն Գարակէօզեան, Մոզեան, Թրթռեան եւ Խաչերան ընտանիքներն ու հարազատները
Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կը խնդրուի կատարել ՀՕՄի Հիւսիսային Սան Ֆերնանտօ Հովիտի «Լոռի» մասնաճիւղին: