ՍԱՆ ՖՐԱՆՍԻՍՔՕ.- Հայ կանանց միջազգային միութեան Սան Ֆրանսիսքոյի մասնաճիւղը այս տարի եւս որոշած է երիտասարդուհիներու նուիրուած «Ուոթըրմարք» խորհրդաժողովին կազմակերպիչներէն եւ ստացած է կրթանպաստներ տրամադրելու իրաւունք. անոնք պիտի շնորհուին Երիտասարդ կանանց նուիրուած խորհրդաժողովին մասնակցիլ փափաքող միջնակարգի կամ երկրորդական վարժարանի աշակերտներու:
Նշենք, որ 22 Փետրուարին, Սան Հոզէի մէջ կայանալիք այս հեղինակաւոր խորհրդաժողովին տոմսերը արդէն իսկ սպառած են: Այս տարի, անոր ընթացքին ելոյթ ունեցողներու շարքին են՝ դոկտ. Պրեն Պրաուն եւ Սերենա Ուիլեըմզ։
Կրթանպաստներ ստանալու համար, դիմումները պէտք է կատարուին մինչեւ 25 Յունուար:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել aiwasanfrancisco@gmail.com հասցէին, կամ այցելել https://aiwasanfrancisco.com/2018/12/04/aiwa-sf-2019-watermark-conference-scholarship-applications կայքէջը: