– Ըստ ՄԱԿի տուեալներուն՝ 2006էն ի վեր աշխարհի տարածքին առնուազն 1096 լրագրողներ սպաննուած են իրենց մասնագիտական գործունէութեան պատճառով:
– Մինչ սպիտակամորթ համալսարանաւարտներու ընտանիքներուն 41 տոկոսը հաւանականութիւնը ունի առնուազն 10,000 տոլար ժառանգ մը ստանալու, նոյն պայմաններով սեւամորթ ընտանիքներու մօտ այդ համեմատութիւնը 13 տոկոսի կ՛իջնէ։ Առաջիններուն պարագային, ստացուող ժառանգութիւնը միջին հաշուով 110,000 տոլար է։
– Թուրքիոյ հանրապետական շրջանի առաջին մարդահամարը կատարուած է 1927ին (13.6 միլիոն), իսկ անկէ 90 տարի ետք, 2017ին կատարուած մարդահամարի տուեալներով, այդ թիւը գրեթէ վեց անգամով աճած է, հասնելով 80.8 միլիոնի։ Բնական աճի ներկայ կշռոյթով, երկրին բնակչութեան թիւը կրնայ 107.6 միլիոնի հասնիլ 2069ին։ Յատկանշական է, որ 1965ին սկսած բնական աճը սահմանափակելու քաղաքականութիւնը կասեցուեցաւ վարչապետ, ապա՝ նախագահ, Էրտողանի նախաձեռնութեամբ։