ԵՐԵՒԱՆ, «Հետք».- 6 Դեկտեմբերին, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Դաւիթ Տօնոյեան ընդունեց Քենզըս նահանգի ազգային պահակագունդի հրամանատար, զօրավար Լի Թաֆանելիի գլխաւորած պատուիրակութիւնը՝ Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար Ռաֆիք Մանսուրի ուղեկցութեամբ:
Հանդիպման ընթացքին Տօնոյեան նշեց, որ 15 տարուան համագործակցութեան ընթացքին Հայաստանի զինուած ուժերը եւ Քենզըսի ազգային պահակագունդը իրականացուցած են եւ կը շարունակեն իրականացնել բազմաթիւ ծրագիրներ, որոնք կը հանդիսանան պաշտպանութեան բնագաւառին մէջ հայ-ամերիկեան համագործակցութեան կարեւոր բաղադրիչներ:
Զօրավար Թաֆանելի հաւաստիացուց, որ Քենզըսի ազգային պահակագունդը՝ իբրեւ նահանգային համագործակցութեան ծրագիրով Հայաստանի գործընկեր, պիտի շարունակէ զարգացնել համագործակցութիւնը խաղաղապահութեան, ռազմական բժշկութեան, անձնակազմի մարտավարական պատրաստութեան եւ այլ աւանդական դարձած ուղղութիւններով:
Քենզըսի նահանգապետ Ճեֆրի Քոլեըր 7 Դեկտեմբերին Երեւան պիտի ժամանէ եւ պիտի մասնակցի 1988ի երկրաշարժի զոհերուն յիշատակի ձեռնարկներուն: