ԱՍԹԱՆԱ, «Ռոյթըրզ».- Ասթանայի հոլովոյթի երաշխաւորները՝ Ռուսիա, Իրան եւ Թուրքիա, 29 Նոյեմբերին տեղի ունեցած իրենց հերթական ժողովի աւարտին հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ նախ դատապարտեցին Սուրիոյ մէջ քիմիական զէնքի օգտագործումը՝ շեշտելով, որ երաշխաւոր երկիրները մտադիր են միացեալ ջանքեր թափելու՝ սուրիական սահմանադրական նախագիծի պատրաստութեան յանձնախումբի կազմութեան առումով:
Անոնք նաեւ սուրիական ընդդիմադիր բոլոր զինեալ խմբաւորումներուն կոչ ուղղեցին՝ անջատուելու «Իսլամական պետութիւն» եւ «Ճապհաթ Նուսրա» ահաբեկչական կազմակերպութիւններէն:
Ռուսիոյ նախագահի յատուկ պատուիրակ Ալեքսանտր Լաւրենթիեւ յայտնեց, որ Մոսկուա Ասթանայի մէջ Սուրիոյ շուրջ ժողովի արդիւնքը կը նկատէ «դրական»: