ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Կեղծիքն ու անկեղծութիւնը բնականօրէն հականիշներ են, որովհետեւ երկու տարբեր իրավիճակներ, ըմբռնումներ, կեցուածքներ կամ մօտեցումներ կ՛արտայայտեն: Այսինքն, մէկը իրաւունք ունի յստակօրէն ըսելու՝ կա՛մ կեղծիք, կամ՝ անկեղծութիւն: Այս երկուքը կարելի չէ՛ համատեղել, համաձայնեցնել կամ զուգորդել մէկը միւսին:
Կեղծաւորութիւնը ժխտական իմաստով «շնորհք» մըն է, վատ «կարողութիւն» մը, ցաւալի «առաւելութիւն» մը, որ օձաձուկի ճկուն շարժումներով կ՛օժտէ շողոքորթ մարդը, ժամանակաւոր յաջողութիւններ ապահովելով անոր համար: Նման մասնակի յաջողութիւններու հասնելով, կեղծաւորին այնպէս կը թուի, որ իր ամբողջ կեանքը պիտի ըլլայ վարդի թերթերով սալարկուած վարդագոյն ճանապարհ, ուրկէ պիտի ընթանայ յաղթանակի թագը գլխուն եւ ամենահատու սուրը մէջքին:
Կ՛ըսեն, թէ կեղծաւորին լեզուն շատ աւելի թիւով գալարումներ կ՛ունենայ բերանին մէջ, քան ոչ-կեղծաւոր մարդուն լեզուն: Այսինքն, շողոքորթի իր ներբողական խօսքերուն առատութիւնը պատճառ կը դառնայ, որ ուրիշին արտասանած մէկ նախադասութեան դիմաց, ան արտասանէ չորս նախադասութիւններ, որոնք բոլորն ալ կը բխին իր կեղծաւոր սիրտէն, հմայելով զիրենք չճանչցող միամիտները:
Աստուծոյ ստեղծագործութեան ակնախտիղ տեսարանն է բնութիւնը, որուն զմայլելի գեղեցկութիւնը, դժբախտաբար մարդ արարածին ձեռքով օրըստօրէ կը քայքայուի, մինչեւ անգամ դարաւոր լեռներու ձեւափոխումով:
Կենդանական աշխարհը, որ մաս կը կազմէ վերոյիշեալ դիւթիչ բնութեան, իր տեսականիով դարձեալ կ՛ապշեցնէ մարդ էակին: Այնտեղ դեռ կան այնպիսի կենդանիներ, միջատներ, զեռուններ ու սողուններ, որոնք օրէ օր կը յայտնաբերուին ուսումնասիրող գիտնականներու կողմէ:
Մեզի ծանօթ գետնառիւծը, որ իր կանգնած վայրին գոյնը կը զգենու ակնթարթի մը մէջ, ինքնապաշտպանութեան իբրեւ զէնք ստացած է այդ առաւելութիւնը: Սակայն, առակագիրները, անոր այդ գունափոխութիւնը փոխաբերական իմաստով ներկայացուցած են, եւ զայն նմանցուցած որոշ մարդոց նկարագրային ամենավատ ախտին՝ կեղծաւորութեան:
Շողոքորթ կամ կեղծաւոր դիմակներով շրջող մարդուն իսկութիւնը ճանչնալը յաճախ շատ դժուար աշխատանք եւ յարատեւ ճիգ կը պահանջէ: Ան ունի այնպիսի շարժուձեւերով մօտեցումներ, որոնք երբեմն չեն զանազանուիր անկեղծ վարմունքէ: Բարեգործութեան ու կեղծաւորութեան միջեւ մէկ մատ հեռաւորութիւն կը թողու ան, երբ պէտք է խաբել մէկը եւ նետել թակարդի մը մէջ: Առատ նուէրներով, գովեստի արտայայտութիւններով, գորովի ու հոգատարութեան շոյանքով, կամ ամենաբարձր հովանաւորութեամբ, ան կը ջանայ գրաւել սիրտը իր զոհին, առնելով զայն իր ամբողջական ազդեցութեան տակ: Կեղծաւորին բուն աշխատանքը կը սկսի ճիշդ այն պահուն, երբ ան զգայ, որ զոհը ամբողջութեամբ յանձնուած է իրեն, ապահով զգալով իր «գուրգուրոտ» ձեռքերուն մէջ:
Կեղծաւորութեան բացայայտումը վերջակէտ կը դնէ բնականաբար կեղծիքին, խոր հիասթափութեան մատնելով խաբուած անձը: Անիկա ակնթարթի մը մէջ կը վերյիշէ անցեալը, խոր ցաւ ապրելով կամ կ՛անդրադառնայ այն ձեւերուն ու թակարդներուն, որոնց միջոցաւ կեղծաւորը խաբած էր զինք: Ճիշդ է, այդ մօտաւոր անցեալը դառն կատակ մը կը թուի իրեն, սակայն իր կեանքի պատմութեան այս անկիւնադարձը, նոր առիթ կը հանդիսանայ, նոր կեանք մը սկսելու, առանց կեղծաւորի ներկայութեան, կամ՝ ձերբազատուած կեղծաւորի մանուածապատ հնարքներէն:
Կ՛արժէ զանազանել մասնագէտ կեղծաւորը, նորավարժ կամ իր արհեստին մասնագիտութիւնը չունեցող կեղծաւորէն: Անշուշտ մենք պիտի նախընտրէինք երկրորդը, որովհետեւ օր մը երբ գազանի հետ կռուելու պարտաւորութեան դիմաց կանգնինք, բնականաբար պիտի ուզենք անոր ձագին հետ մարտնչիլ, քան մօրը…:
Ոչ-արհեստավարժ կեղծաւորը նման է գազանի ձագին, զոր կրնանք թերեւս տապալել մեր տրամաբանութեան ցոյց տուած շարժումներով կամ բազուկի ոյժով: Անփորձ կեղծաւորը երբեմն իր լարած թակարդին մէջ ինք իր լեզուով կ՛իյնայ, չյիշելով պահ մը առաջ իր շողոքորթ լեզուին միջոցով սպրդեցուցած սուտը:
Կեղծաւոր մարդուն անկեղծութեան մասին շատ քիչեր գիտեն: Այս տեսակ շողոքորթը կը տարբերի վերը ներկայացուած կեղծաւորներու զոյգ տեսակէն: Մինչ մէկը արհեստավարժ է իսկ միւսը՝ ոչ, այս տեսակը վճռած է անկեղծ ըլլալ իր կեղծաւորութեան մէջ:
Կեղծ աստուածապաշտները միթէ՞ լաւագոյն օրինակները չեն այս երրորդ տեսակի կեղծաւորութեան: Յիսուս անգերազանցելի օրինակը տուաւ «մժղուկը քամողներ»ուն եւ «ուղտը կլլողներ»ուն (Հմմտ Մտ 23.24): Անոնց ալ արարքները մինչ այդ թաքնուած էին իրենց ապրած միջավայրին տեսողութենէն կամ իմացութենէն, որուն հետեւանքով ազատութիւն ունէին օրէնքի անունով խօսելու: Որոշ կեղծ քարոզիչներու «անկեղծութիւն»ը այսօր առօրեայ հացի պէս կը բաշխուի մարդոց սիրտի մաքուր սեղաններուն, կեղծիքով յագեցնելով հոգեւորապէս սոված որովայնները անոնց:
Յիսուս, իր ապրած օրերուն, իբրեւ մարդացեալ Աստուած, անոնց կեղծաւորութիւնը բացայայտելով բաւարարուեցաւ միայն, վա՜յ կարդալով անոնց գլխուն: Սակայն իր երկրորդ գալստեան ատեն արդեօք ինչպէ՞ս պիտի վարուի անոնց հետ…: Աստուածային դատաստանի մասին գուշակութիւններ ընելը մեղք համարելով, կը բաւարարուինք միայն անոր ակնարկութիւն կատարելով:
Իրենց կեղծաւորութեան ամբողջական գիտակցութիւնը ունեցող կեղծաւորներն են ասոնք, որովհետեւ իրենց ընտրած ճամբուն քարտէսը սկիզբէն մինչեւ վերջ ուսումնասիրած են:
Մոլորուած ու իրենց կեանքի ընթացքին անորոշ հարուածներ ստացած մարդիկ անգիտակցաբար կը տարուին «անկեղծ» կեղծաւորներու հոսանքին, ամէն գաղտնիք խոստովանելով անոնց: «Անկեղծ» կեղծաւորին համար ի՞նչ բան հարկաւոր է այնքան, որքան ուրիշներու սիրտին գաղտնիքը իւրացնելը եւ կեղծ բարեկամութեամբ, անոնց «բարի» խրատներ տալը:
Շատերու մոլորումին պատճառը այն է, որ «անկեղծ» կեղծաւորները յանուն Աստուծոյ կը խրատեն, իսկ այն բարեպաշտները որոնք դժուարութեան մէջ են, իրենց աչքերը միշտ Աստուծոյ կը յառեն, Անկէ օգնութիւն ստանալու անկեղծ սպասումով: Շողոքորթին համար «երկնատուր պարգեւ» կը համարուի այս «ինքնընծայումը», որուն հետեւանքով կը բազմապատկուի, այս անգամ անգիտակից կեղծաւորներու փաղանգը, զոր միայն աստուածային միջամտութեամբ կարելի է դարձի բերել…:
Մայրենի մեր սուրբ եկեղեցւոյ ծոցէն ծնած, անոր սուրբ աւազանին մէջ մկրտուած եւ անոր սուրբ սեղանէն բաշխուող Քրիստոսի մարմինն ու արիւնը ճաշակած անձերու կողմէ նման վատահռչակ առաքելութեան ծաւալումը, բնականօրէն մեծ ցաւ կը պատճառէ հոգեւորապէս իրենց եկեղեցւոյն հաւատարիմ եւ անոր սուրբ նահատակներուն արեամբ ուխտ կատարած անձերուն:
«Անկեղծ» կեղծաւորներուն առաքելութիւնը նկատելի է, որ երկարաշունչ է: Սակայն կեղծիքը իր ինքնութիւնը երկար ժամանակ թաքցնելու դժուարութիւն ունեցող վարուելաձեւերէն մէկն է: Անիկա իր լեզուին տակ սիսեռի հատիկ մը թրջել չկարողացող միամիտ մարդուն կը նմանի, զոր ուշ կամ կանուխ դուրս պիտի բերէ…: Անոնց համար հոգեւոր պատիժ սահմանել՝ մեր իրաւասութենէն դուրս է: