Ելեկտրականացնել Ամերիկան (Electrify America) ընկերութիւնը, համագործակցելով Քալիֆորնիոյ մէջ գործող վեց կազմակերպութիւններու հետ՝ կը միտի բարձրացնել մակարդակը Զերօ Արտացայտումով Ինքնաշարժներու – ԶԱԻ (Zero Emission Vehicle / ZEV) համեստ համայնքներու մէջ:
ՀՕՄի Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանի Ընկերային ծառայութեան գրասենեակը Self Help for the Elderly-ի կազմակերպութեան կողմէ հրաւիրուած է, հայկական համայնքներու մէջ սպառիչ քարոզչական աշխատանք տանելու Զերօ Արտացայտումով Ինքնաշարժներու մասին:
Ելեկտրականացնել Ամերիկան ընկերութիւնը պաշտօնապէս հաղորդեց Քալիֆորնիոյ մէջ գործող նշեալ վեց կազմակերպութիւններուն հետ համագործակցութեան մասին, որ նպատակ ունի ԶԱԻն ծանօթացնելու յատկապէս համեստ համայնքներու մէջ, որուն քարոզչական աշխատանքներուն համար 2.7 միլիոն տոլար կը տրամադրէ:
«Մենք կը հաւատանք, որ համայնքային կազմակերպութիւններու հետ համագործակցութիւնը պիտի նպաստէ հանրութեան իմանալու ԶԱԻի մասին, մանաւանդ եթէ նկատի ունենանք, թէ անիկա կարելիութիւնը ունի գոհացնելու սպառողներու պահանջները», նշած է ընկերութեան առեւտրական, կապերու եւ Կանաչ Քաղաքներ ծրագիրի գլխաւոր տնօրէն Ռիչըրտ Սթէյնպըրկ:
Յայտնենք, թէ ԶԱԻի հետ համագործակցող Միացեալ Նահանգներու կազմակերպութիւններն են.
Valley Clean Air Now (Valley CAN),
Pacific Asian Consortium in Employment (PACE),
Chinese Newcomers Service Center (CNSC),
Self Help for the Elderly (SHE),
Liberty Hill Foundation (LHF)
GRID Alternatives:
Քալիֆորնիայէն առաւել քան 75 բարեգործական, անձնական եւ հասարակական իրաւաբանական անհատներ հրաւիրուած են ներկայացնելու իրենց առաջարկները:
«Մեր նախագիծի խումբը կը բաղկանայ ծրագրային փորձառու ղեկավարներէ եւ համայնքային ծառայութիւններ մատուցող հմուտ մասնագէտներէ, որոնք անապահով բնակչութեան հետ աշխատելու մեծ փորձառութիւն ունին», կ՛ըսէ Self Help for the Elderly–ի հիմնադիր եւ նախագահ Աննի Չանկ:
Ըստ Չանկի՝ Ելեկտրականացնել Ամերիկան ընկերութեան հետ գործակցիլը կ՛ակնկալէ երկարատեւ շարունակական աջակցութիւն Քալիֆորնիոյ 10 շրջաններու մէջ գործող 25 համայնքային կազմակերպութիւններուն, տարբեր լեզուներով ծանօթացնել, տեղեկացնել եւ սորվեցնել ԶԱԻի մասին: Կազմակերպութիւնը ծրագրած է Սաքրամենթոյէն մինչեւ Սան Տիէկօ գործող առաւել քան տասը հասարակական կազմակերպութիւններու հետ աշխատիլ նուազագոյնը վեց լեզուներով: Self Help for the Elderly կազմակերպութիւնը պիտի կեդրոնանայ ազգային տարբեր նախաձեռնութիւններու, տօնավաճառներու եւ սեմինարներու վրայ, ներգրաւելով ԶԱԻի վարորդներ, որոնց ընթացքին պիտի բացատրուին ելեկտրական ինքնաշարժներու նիւթականին վերաբերող բոլոր առաւելութիւնները: Այս գծով մանրամասն բացատրութիւններ պիտի տրուին նաեւ www.selfhelpelderly.org կայքին վրայ:
Ելեկտրականացնել Ամերիկան Ընկերութեան «Վոլքսվակըն»ի մասնաճիւղը, առաւել քան տասը տարիներէ ի վեր, երկու միլիառ տոլար յատկացուցած է ԶԱԻի ենթակառոյցի եւ կրթական ծրագիրներուն մէջ: Այս ներդրումը միլիոնաւոր ամերիկացիներու հնարաւորութիւն կու տայ իմանալու ելեկտրականութեամբ աշխատող ինքնաշարժներու առաւելութիւններուն մասին եւ աջակցելու՝ զանոնք վերալիցքաւորելու յարմար եւ վստահելի համազգային ցանցի կառուցման:
Այս մասին տեղեկութիւններ ստանալու համար կարելի է այցելել www.electrifyamerica.com կայքը կամ անվճառ հեռաձայնել 1-833-632-2778 թիւին:
«Հպարտութեամբ կը յայտարարենք, թէ ԶԱԻի կրթական ծրագիրին իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Հայ Օգնութեան Միութիւնը, որուն շնորհիւ համայնքին մէջ իր լուման կը դնէ ելեկտրական ինքնաշարժներու մասին տեղեկութիւններ տարածել, որպէսզի ապագայ սերունդները աւելի մաքուր միջավայր մը ժառանգեն», այս առիթով ըսաւ ՀՕՄի գրասենեակի ԶԱԻ ծրագիրի ղեկավար Լիլի Կարապետեան:
***
ԶԱԻ ծրագիրին մասին հայերէն սպառիչ տեղեկութիւններ ստանալու համար կարելի է հեռաձայնել (818) 241-7533 x105 թիւին կամ անձամբ ներկայանալ ՀՕՄի գրասենեակ, որուն հասցէն է. 517 W. Glenoaks Blvd., Glendale, CA 91202: