Լեռնային Ղարաբաղի հարցը կը լուծուի այնպէս, ինչպէս կը կամենայ ժողովուրդը. Ստեփանաւան քաղաքին մէջ, «Իմ Քայլը» կուսակցութիւններու դաշինքի նախընտրական հանրահաւաքին ընթացքին ըսաւ Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար, դաշինքի նախընտրական ցանկի թիւ մէկ՝ Նիկոլ Փաշինեան, պատասխանելով Դաւիթ Շահնազարեանի յայտարարութեան:
«Ես Հայաստանի առաջին ղեկավարն եմ, որ ըսած է հետեւեալը՝ Հայաստանի ոչ մէկ ղեկավար եւ իշխանութիւն չի կրնար լուծել Ղարաբաղի հարցը, որովհետեւ Ղարաբաղի հարցը լուծողը ժողովուրդն է: Եթէ ըլլայ լուծման այնպիսի առաջարկ, որ իմ կարծիքով ընդունելի կ՛ըլլայ, ես այդ առաջարկը կը քննարկեմ ժողովուրդին հետ», ըսաւ Փաշինեան։
«ԼՂ հարցով Ղարաբաղի դիրքորոշումը կրնայ ներկայացնել միայն Ղարաբաղի իշխանութիւնը, ես ու Հայաստանի այլ ղեկավարներ կրնանք բանակցիլ միայն Հայաստանի անունով: Ես հրաւիրեցի Արցախի ղեկավարութիւնը, զինուած ուժերու ամբողջ հրամանատարական կազմը, քաղաքական վերնախաւի ներկայացուցիչները եւ բոլոր մանրամասնութիւններով ներկայացուցի մինչեւ հիմա իրականացած բանակցային գործընթացի բոլոր հանգամանքները: Որքան շատ մարդ տիրապետէ Ղարաբաղի հարցի բանակցային գործընթացին, այնքան աւելի լաւ, որովհետեւ այդտեղ չի կրնար գաղտնիք ըլլալ զինուած ուժերու, դիւանագիտական հատուածին եւ, որոշ նրբութիւններ նկատի ունենալով, նաեւ ժողովուրդին համար: Նախապէս նման հանդիպում չէ եղած», յայտնեց Փաշինեան:
Փաշինեան նաեւ անդրադարձաւ զիջումներու դիմելու հարցին՝ ըսելով. «Հրապարակաւ քանի մը անգամ ըսած եմ, որ անընդունելի է, երբ միջազգային ներկայացուցիչները կու գան ու կը հարցնեն՝ Հայաստան պատրա՞ստ է զիջումներու: Ես ըսած եմ, որ Հայաստան այդ հարցին կը պատասխանէ, երբ միջազգային հանրութիւնը նոյն հարցը տայ Ատրպէյճանին», ըսած է Փաշինեան:
Նշենք, որ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան նախընտրական ցանկի ներկայացուցիչ Դաւիթ Շահնազարեան յայտարարած է, թէ Նիկոլ Փաշինեան եւ իր կառավարութիւնը Արցախի համար աւելի մեծ վտանգ կը ներկայացնեն, քան Ատրպէյճանի զինուած ուժերը։
Yes, that is why he is preparing the “zhoghovurd” to agree to concede lands. Actually, many among his supporters who are former (and current) Levon Ter-Petrosyan supporters would have been ready to concede the lands 20 years ago if it offered them economic prosperity. This is the elephant in the room that no one wishes to talk about. A sizable minority in Armenia (don’t know the exact percentage but would guess at least 10%) have always been ready and willing to give up Artsakh if it offered economic prosperity for themselves and their children. Not all Armenians are nationalists or care about the long-term viability of Armenia. They care about their families tables and pocketbooks and could care less if they lived under Russian or Turkish occupation, so long as they are well fed and taken care of. These types are a huge chunk of Nikol’s supporters today, along with the younger liberal elements who are pushing gay-rights and other Western liberal agendas.