ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Թուրքիոյ խորհրդարանի քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութենէն հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան, խօսքը ուղղելով Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքարին՝ յիշեցուց, որ նախարարը թրքական բանակը անուանած էր՝ «Մոհամմետ մարգարէի օճախ» եւ «Իսլամի վերջին բանակ», ապա՝ հարցուց. «Արդեօք Թուրքիոյ բանակը իսլամակա՞ն բանակ է: Եթէ այո՛, ուրեմն ինչո՞ւ քրիստոնեաները, հրեաները եւ այլ կրօն դաւանողները կը ծառայեն այդ բանակին»:
Պաշտպանութեան նախարարը, պատասխանելով՝ մէջբերեց սահմանադրութեան համապատասխան յօդուածը՝ նշելով, որ սահմանադրութեան համաձայն Թուրքիոյ քաղաքացի հանդիսացող իւրաքանչիւր տղամարդ ենթակայ է զինուորական ծառայութեան՝ առանց կրօնական կամ դաւանական խտրութեան:
Կարօ Փայլան բարձրաձայնեց նաեւ 24 Ապրիլ 2011ին, թրքական բանակին մէջ ծառայող հայ զինուոր Սեւակ Պալըքչըի սպանութիւնը՝ ընդգծելով, որ յանցանքը կատարուած էր բանակէն ներս ատելութեան հրահրումի հետեւանքով:
Աքար այս գծով պատասխանեց, որ չկայ որեւէ տեղեկութիւն, վկայութիւն կամ զեկոյց, որմով կը հաստատուի այդ յանցանքին վերաբերեալ Փայլանի պնդումը: