ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ «ԳԱՆՁԱՍԱՐ»Ի
ՀՅԴի այս կարգախօսը խորհրդարանական արտակարգ ընտրութիւններու նախընտրական փուլին, իրականութեան մէջ, իր իսկ էութեան ու անոր նշանակութեան եւ դերին արտացոլումն է:
Հաւատարմութեան գաղափարը վեր է ամէն տեսակի նեղ հաշիւներէ, պաշտօններէ: Հաւատարիմ ըլլալ հողին, կը նշանակէ պայքարիլ կարելի բոլոր միջոցներով, խորհրդարանէն ներս թէ դուրս, կառավարութեան կազմէն ներս թէ դուրս, աշխարհաքաղաքական ներկայ զարգացումներուն մէջ արիւնով նուաճուած հայրենի հողի իւրաքանչիւր թիզ պաշտպանելու համար՝ ռազմական, դիւանագիտական միջոցներով, օգտագործելով համահայկական լծակներն ու ողջ ներուժը, բայց մանաւանդ չտարուելով ապատեղեկատուական այն պատրանքներով, թէ հող զիջողը տնտեսական առաւելութիւններ ձեռք կը բերէ, բարիդրացիական յարաբերութիւններ կը մշակէ: Խաղաղութիւնն ու բարիդրացիութիւնը, պատմութեան իսկ վկայութեամբ, պարտադրուած են իրաւունքներու փոխադարձ յարգանքով, ուժով, ոչ թէ միակողմանի զիջումներու ճամբով:
Հաւատարիմ ըլլալ հողին, կը նշանակէ նաեւ ծաղկեցնել զայն, ունենալ անոր խլուած մէկ բաժինը վերադարձնելու տեսլականը, հետեւիլ հակառակորդի ծաւալապաշտական նկրտումներուն եւ չթերագնահատել զանոնք երբեք: Այս իրողութեան մէջ կը դրսեւորուի «զարգանալ առանց զիջելու» ՀՅԴ առաջադրանքին ողջ իմաստը:
Հաւատարիմ ըլլալ հայուն, կը նշանակէ պատրաստակամութիւնն ու յանդգնութիւնը ունենալ ծառայելու ժողովուրդին, անսալու անոր արդար պահանջներուն, վանելու ժողովուրդին հաշուոյն հարստութիւն կուտակող քաղաքական գործիչներն ու մենաշնորհեալները՝ արդար հասարակարգ ստեղծելու եւ ազգային եկամուտի արդար բաշխումը ապահովելու համար:
Այս բոլորին իրագործումով կարելի է յագուրդ տալ ժողովուրդին պահանջներուն, վերացնել իշխանութեան եւ ժողովուրդին միջեւ տարիներու ընթացքին յառաջացած հեռաւորութիւնը:
ՀՅԴի ընտրարշաւին կարգախօսը յանձնառութեան դրսեւորում մըն է, երկրին ու ժողովուրդին ազգային, ընկերային ու տնտեսական շահերն ու անոնց սպառնացող վտանգները նկատի ունենալով, վերանորոգ աշխատանքով քաղաքական դաշտին մէջ գործուն ու ազդեցիկ իր ներկայութիւնը շարունակելու, համահայկական իր կառոյցով նոր թափ ու երանգ տալու ՀՅԴի գործունէութեան՝ հաւատարիմ հողին… հողերուն, հաւատարիմ հայուն… հայութեան: