ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Դաւիթ Տօնոյեան աշխատանքային այցելութեամբ մեկնեցաւ Աֆղանիստան: Երկուշաբթի, 19 Նոյեմբերին, Տօնոյեան հանդիպեցաւ Աֆղանիստանի իսլամական հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Թարիք Շահ Պահրամի հետ:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեան տեղեկացուց, որ նախարարները քննարկեցին տարածաշրջանային զարգացումները, Աֆղանիստանի մէջ ստեղծուած ռազմաքաղաքական իրավիճակը եւ հայ խաղաղապահներու առաքելութեան վերաբերող հարցեր:
Տօնոյեան առաջարկեց երկկողմ յարաբերութիւններու զարգացման ծիրին մէջ քննարկել Հայաստանի մէջ աֆղանիստանցի ուսանողներու ուսուցման եւ մարդասիրական համագործակցութեան խորացման կարելիութիւնները: