ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱԿԱՆ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ ՄԱՏԱՂՕՐՀՆԷՔ
Սրբոց Նահատակաց եկեղեցին պաշտօնապէս տօնախմբեց իր օծման 55ամեակը, որ ոչ միայն հովիտահայութեան համար ուխտի օր մը հանդիսացաւ, այլ նաեւ եկեղեցւոյ գոյութիւնն ու բարգաւաճումը ապահովող զօրակցութեան հաւաք մը: Այլ խօսքով՝ արժանաւորապէս նշուեցաւ գաղութին ինքնութիւնը պահող Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ 55ամեայ հոգեմտաւոր ծառայութիւնը շրջանի հայութեան՝ որպէս լուսաւոր փարոս:
Տօնախմբութենէն շաբաթ մը առաջ՝ Կիրակի, 4 Նոյեմբերին, եկեղեցւոյ անուանակոչութեան առիթով թեմիս բարեջան առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան մատուցեց եպիսկոպոսական Ս. եւ անմահ պատարագ եւ փոխանցեց իր հայրական պատգամը, ապա տեղի ունեցաւ աւանդական մատաղօրհնէք, իսկ աւարտին հոգեհանգստեան յատուկ պաշտօն՝ յիշատակին եկեղեցւոյ հին ու նոր ննջեցեալներու, որոնք գործեցին ու անցան եւ այժմ կը ննջեն երանութեան մէջ:
Կասկած չկայ, որ մեր եկեղեցին ազգային գեղեցիկ մեր նկարագրին մաս կը կազմէ, դարերէ ի վեր դարձած է մեր կրօնքին ու մեր Աստուծոյն ծառայող սուրբ հաստատութիւն մը եւ հոն է որ իբրեւ քրիստոնեայ ազգ, գտած ենք մեր ինքնութիւնը:
Արդարեւ, հովիտահայութեան համար պատմական նշանակութիւն ունեցող տօնախմբութիւնը տեղի ունեցաւ նախագահութեամբ տէր եւ տիկին Ծերոն եւ Սոնա Թիթիզեաններու, Ուրբաթ, 9 Նոյեմբեր 2018ին, Universal Hilton պանդոկին մէջ:
Երեկոն կը վայելէր առաջնորդ սրբազան հօր հովանաւորութիւնն ու ներկայութիւնը, որուն կողքին ներկայ էր նաեւ թեմիս առաջանորդական փոխանորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան: Հիւրերու շարքին ներկայ էին ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի եւ շրջանի «Ռոստոմ» եւ «Ա. Շիրակեան» կոմիտէներու եւ ուղեկից միութիւններու, Ազգային վարչութեան, ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան, Ֆերահեան եւ Մարի Գապայեան Ազգային վարժարաններու տնօրէնութեան եւ Ուսումնական մարմինին եւ Քեսապի Ուսումնասիրաց միութեան ներկայացուցիչները, ծխական շրջանի Ազգային երեսփոխաններ, եկեղեցւոյ բարերարաներ ու նուիրատուներ:
Նուիրատուներն ու մոմավառները նախքան իրենց սրահ մուտքը, 55ամեակի պաստառին դիմաց յիշատակի նկար մը ունեցան առաջանորդ սրբազան հօր եւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին հետ, իսկ ներկաները մտերմիկ եւ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ ժպտադէմ զիրար կը շնորհաւորէին: Ապա բոլորը միասին մուտք գործեցին սրահ եւ իրենց տեղերը գրաւեցին ծաղիկներով զարդարուն սեղաններուն շուրջ, ուր օրուան յայտագիրին կողքին կար նաեւ եկեղեցւոյ 55ամեակին նուիրուած գեղեցիկ, պատկերազարդ եւ պատմական բովանդակութեամբ յուշագրքոյկը, որ լոյս ընծայուած էր մեկենասութեամբ եկեղեցւոյ բարերարներէն տէր եւ տիկին Ժոզէֆ եւ Նորա Սիմոնեաններու:
Ձեռնարկին պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ Թուխման սրկ. Խաչատուրեանի ամերիկեան եւ հայկական քայլերգներու մեներգներով՝ դաշնակի ընկերակցութեամբ Կոմիտաս Քէշիշեանի: Ապա հանդիսավարներ՝ Թինա Պետիրեան իր բարի գալուստի խօսքը փոխանցեց, իսկ Կրեկ Մարթայեան վեր առաւ եկեղեցւոյ սպասարկուներուն նուիրեալ ծառայութիւնը, որուն շնորհիւ Սրբոց Նահատակաց եկեղեցին կը յարատեւէ եւ արժանի տեղը ունի Էնսինոյի գաղութի կազմաւորման մէջ:
Հանդիսավարներու խօսքէն ետք, սեղանի օրհնութեան համար բեմ հրաւիրուեցաւ առաջնորդ սրբազան հայրը, որ իր կարգին հրաւիրեց առաջնորդական փոխանորդն ու եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը եւ երեքով կատարեցին սեղանի օրնութիւնը, որմէ ետք եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Ռազմիկ Աւ. քհնյ. Խաչատուրեան իր սրտի խօսքը փոխանցեց. ան նախ շեշտեց, թէ «այսօր տօնն է մեր հոգեւոր շէնքի կառուցման, տօն մեզմէ իւրաքանչիւրին, որ իր կեանքը խառնած է ընդհանրականին, մոռցած անձնականը, միացած հաւաքականին»: Անդրադառնալով եկեղեցւոյ հիմնադրութեան՝ տէր հայրը շարունակեց. «Բացարձակ իրականութիւն է, որ տեսիլք ունեցողներն են որ պատմութեան էջերուն վրայ կը թողուն իրենց հետքը: Ահա այս տեսակ փաղանգ մը, հաւատալով եկեղեցւոյ առաքելութեան ու գաղութներու կազմաւորման մէջ անոր ունեցած հիմնական դերակատարութեան՝ 55 տարիներ առաջ իրենց տեսիլքը գործնականի վերածելով, Սան Ֆերնանտօ հովիտի սիրտին մէջ կանգնեցուցին Սրբոց Նահատակաց եկեղեցին: Դարձեալ բացարձակ իրականութիւն է, որ Սան Ֆերնանտօ հովիտի գաղութի ծաղկման մէջ, եկեղեցական, կրթական, ընկերային, մարզական, մշակութային, բարեսիրական եւ զանազան բնագաւառներէ ներս, մայրական դեր ունեցած է ան: Մեր եկեղեցին ժողովուրդէն սնունդ առնող եւ ժողովուրդը սնուցանող աստուածատուր հիմնարկութիւն է»:
Տէր հայրը, վեր առնելով նախնիներուն այս սրբազան աշխատանքը՝ երախտագիտական խօսքերով դրուատեց 55ամեակի ձեռնարկին նախագահութիւնը ստանձնած տէր եւ տիկին Ծերոն եւ Սոնա Թիթիզեաններու նուիրումն ու առատաձեռնութիւնը, 55ամեակի յուշագրքոյկի մեկենաս տէր եւ տիկին Ժոզէֆ եւ Նորա Սիմոնեանները եւ բոլոր ազնիւ նուիրատուներն ու մոմավառները, ապա անգլերէնով երախտագիտութեամբ արտայայտուեցաւ 55 տարիներ առաջ, առաջին հոգաբարձութեան կազմի ատենապետ Ֆլորինտօ Արգլինի եւ Արգլին ընտանիքի զոհաբերութեան եւ ծառայասիրութեան մասին:
Այս պատմական հաւաքոյթին առիթով, տէր հայրը շնորհակալական յատուկ խօսք փոխանցեց առաջնորդ սրբազան հօր, թեմի Կրօնական ժողովին եւ Ազգային վարչութեան, եկեղեցւոյ երեսփոխաններուն, հոգաբարձութեան եւ յարակից մարմիններուն, շրջանի կազմակերպութիւններուն եւ անոնց ուղեկից միութիւններուն եւ մանաւանդ գաղութին, որոնք միշտ եկեղեցւոյ բարգաւաճման աշխատանքներուն իրենց ներդրումը բերած են անվերապահօրէն:
Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ հոգաբարձութեան ատենապետ Յովիկ Պետեւեանը՝ իր սրտի խօսքը փոխանցելու: «Սրտի անհուն գոհունակութեամբ եւ բազմարդիւնք վաստակի մը առջեւ գտնուողի մը ուրախութեամբ, կ՛ողջունենք Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ 55ամեակը եւ ձեզ բոլորդ: Յետադարձ ակնարկ մը՝ անցնող 55 տարիներուն վրայ, մեզ կը լեցնէ երախտագիտական ջերմ զգացումներով հանդէպ բոլոր անոնց, որոնք եղան հիմնադիրները, բարերարները, հոգեւոր հովիւները, Տիկնանց միութեան անդամները, կիրակնօրեայի ուսուցիչները, դպրաց դասը եւ վերջապէս հաւատացեալ ծխականները այս սրբազան հաստատութեան, որոնք համախմբուած անոր շուրջ՝ փորձեցին մեր կեանքը ծաղկեցնել մեր պապերուն հաւատքով, մեր ազգային աւանդութիւններով ու արժէքներով: Այսօր, գոհունակութեամբ կու գանք տօնելու Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ 55ամեակը, ծառայութեան նոյն ուղիէն ընթանալով եւ հաստատ գիտակցելով, որ մեզի փոխանցուած աւանդը սուրբ է ու նուիրական, ինչպէս նաեւ լաւատեսութեամբ նայելու լուսաւոր ապագային, ուր նորանոր ու պանծալի ամեակներ կը սպասեն մեր սրբազան օճախին»: Ան իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց առաջնորդ սրբազան հօր, Ազգային վարչութեան, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին, կազմակերպութեանց ու միութեանց ներկայացուցիչներուն, 55ամեակի յանձնախումբին եւ բոլոր նուիրատուներուն:
Նախքան ձեռնարկի պաշտօնական բաժինի աւարտը, հայրական իր պատգամը երկլեզու եւ շատ հարազատ ու տպաւորիչ կերպով փոխանցեց առաջնորդ սրաբազան հայրը:
«Այս երեկոն բոլորիս համար յիշատակելի եւ պատմական երեկոյ մըն է, որովհետեւ բոլորս ալ քանի մը տասնամեակներ շարունակ Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ հովանիին ներքեւ ոչ միայն հոգեւորապէս պայծառացած ենք, ոչ միայն հոգեւոր եւ ազգային աւանդութիւններով ներշնչուած ենք, այլ նաեւ մեզմէ իւրաքանչիւրը մաս եւ բաժին ունեցած է մեր եկեղեցւոյ պայծառութեան եւ մեր եկեղեցւոյ նուիրական առաքելութեան մէջ, եկեղեցւոյ կողքին ունենալով Ֆերահեան Ազգային երկրորդական վարժարանը, աւելի ուշ Մարի Գապայեան նախակրթարանը եւ Աշխէն Փիլաւճեան մանկամսուրը: Այս բոլորով, Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ համալիրին ներքեւ նաեւ մենք վայելած ենք գործակցութիւնը եւ ծառայական կեանքը մեր ազգային կազմակերպութիւններուն, յատկապէս Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան եւ ուղեկից միութիւններուն: Հետեւաբար, բոլորով մէկ եւ տօնական մթնոլորտի մը մէջ կ՛ըսենք բարի տարեդարձ մեր եկեղեցւոյ: Տարեդարձները անշուշտ առիթներ են անցեալը յուշող եւ ներկայի ծառայական կեանքին մղում տուող, ինչպէս նաեւ առիթներ են լուսաւոր ապագայի խոստումով վերանորոգուելու եւ մեր ծառայական կեանքին մէջ զիրար գերազանցելու. այսօրուայ երեկոն պերճախօս իրողութիւնն ու ապացոյցն է այդ բոլորին»:
Սրբազան հայրը նաեւ յատուկ կերպով իր գնահատանքն ու օրհնութիւնը տուաւ ձեռնարկի նախագահութիւնը ստանձնած Թիթիզեան ամոլին, յուշագրքոյկին մեկենասութիւնը յանձն առած Սիմոնեան ամոլին, 55ամեակի յանձնախումբին, մոմավառներուն եւ բոլոր ազնիւ նուիրատուներուն, որոնք «իրականութեան վերածեցին այս երեկոյի յաջողութիւնը»: Ան նաեւ աղօթեց բոլոր նուիրեալներուն, որոնք տարիներով իրենց ծառայութիւնը ի սպաս դրած են եկեղեցւոյ պայծառութեան: Դրուատեց նախկին հոգեւոր հովիւները, հոգաբարձութեանց ատենապետներն ու անդամները, յատկապէս այժմու ժրաջան հոգեւոր հովիւ Ռազմիկ Ա. քհնյ. Խաչատուրեանը:
Սրբազանը իր խօսքը եզրափակեց՝ ըսելով. «Այս տարի Հիւսիսային Ամերիկայի մեր թեմի ծառայական կեանքին 60ամեակն է Կիլիկիոյ Ս. Աթոռի հովանիին ներքեւ, ինչպէս նաեւ մեր թեմին ալ հաստատման 45 ամեակն է. բոլորով բարի տարեդարձ մեր թեմին, մեր Աթոռին մեր հոգեւոր եւ ազգային կեանքին»:
Սրբազան հօր պատգամէն ետք բեմ հրաւիրուեցան տէր եւ տիկին Ծերոն եւ Սոնա Թիթիզեանները, եւ հովիւին ու հոգաբարձութեան անունով անոնց փոխանցուեցաւ Արամ Ա. կաթողիկոսին նախաձեռնութեամբ եւ բնագիրէն արտատպուած արծաթեայ գեղեցիկ պահպանակով պատրաստուած Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան Ողբերգութեան» գիրքը, որ գրուած է 1173ին:
Ապա տէր հայրը յայտարարեց թէ հոգաբարձութիւնը գեղեցիկ գաղափարը յղացած է պատուելու անցեալի եւ ներկայ հոգաբարձութեանց ատենապետները: Առաջին հերթին ան կարդաց մեզմէ առյաւէտ բաժնուած 14 ատենապետներուն անունները եւ ներկաները հրաւիրեց 1 վայրկեան յոտնկայս՝ յարգելու անոնց յիշատակը, ապա կարդաց ներկայի 10 ատենապետներուն անունները, որոնք մէկ առ մէկ բեմ հրաւիրուեցան իրենց յուշանուէրը ստանալու եւ յիշատակի նկար մը առնելու առաջանորդ սրբազանին եւ տէր հօր հետ: Տակաւին, յետ մահու ճանաչում տրուեցաւ առաջին հոգաբարձական կազմի ատենապետ Ֆլորինտօ Արգլինին, որուն յուշանուէրը փոխնացուեցաւ իր զաւակին՝ եկեղեցւոյ բարերար Սթիւ Արգլինին, ինչպէս նաեւ 2 տարի առաջ մեզմէ առյաւէտ բաժնուած Լեւոն Գապագլեանին, որուն յուշանուէրը փոխանցուեցաւ կնոջը՝ Լուսաբեր Գապագլեանին:
Յուշանուէրներու տուչութենէն ետք, բեմ հրաւիրուեցան 55ամեակի յանձնախումբի անդամները եւ տեղի ունեցաւ 55ամեակի կարկանդակին հատումը, որմէ ետք հանդիսավարներ Թինա Պետիրեան եւ Կրեկ Մարթայեան փոխն ի փոխ կարդացին անունները մոմավառներուն, որոնք եկեղեցւոյ 55ամեակը խորհրդանշող մոմերը վառեցին ներկաներու բուռն ծափահարութիւններուն տակ:
Ընթրիքէն ետք, երեկոն խանդավառեց Allen G Orchestra-ն եւ ներկաները, երեկոյթի ուրախ մթնոլորտէն խանդավառուած՝ կատարեցին սրտաբուխ նուիրատուութիւններ:
Վստահաբար, 9 Նոյեմբեր 2018 թուականը Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ աւելցուց փառքի ու պարծանքի էջ մը եւս, որովհետեւ թէ՛ մեր հայու անսասան հաւատքին եւ թէ իր յոբելենական թուականի յիշատակն էր, զոր եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքը հպարտօրէն ոգեկոչեց միասնաբար: