ՆԻՒ ԵՈՐՔ, «ՓանԱրմինիըն».- Հայաստան դէմ քուէարկեց Ղրիմի վերաբերեալ ՄԱԿի հակառուսական բանաձեւին: ՄԱԿի Գլխաւոր վեհաժողովի խորհուրդը ընդունեց Ղրիմի վերաբերեալ Ուքրանիոյ ներկայացուցած թարմացուած բանաձեւը՝ «թերակղզիին մէջ մարդու իրաւունքներուն վերաբերեալ»:
Փաստաթուղթին կողմ քուէարկեցին 67 երկիրներ, դէմ՝ 26, ձեռնպահ՝ 82: Նման բանաձեւ ՄԱԿի կողմէ քննարկուած է վերջին երեք տարիներուն:
Հակառակ անոր որ Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ բացայայտ կերպով Ռուսիոյ «գրպանը մտնելու» արարք մըն է այս «դէմ» քուէարկելը, վիրաւորականը ա՛յն է, որ այս մասին իր տուած լրատուութեան մէջ ԹԱՍՍ ռուսական պաշտօնական գործակալութիւնը նոյնիսկ արժանի չէ գտած յիշելու որ Հայաստանը եւս դէմ քուէարկած է այս հակա-ռուս բանաձեւին. բայց արժանաւորապէս յիշած է Պելառուսը, Սերպիան, նոյնիսկ՝ Հարաւային Ափրիկէն…: Այսպէ՛ս, «դուխ»ով պէտք է շարունակել «գրպանը մտնելու» գործը: (Հետաքրքրուողներուն համար՝ ԹԱՍՍի լուրի կարելի է կարդալ այստեղ http://tass.com/world/1031135)