Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 15 Նոյեմբերին, Փարիզի մէջ այցելեց Հայաստան Համահայկական հիմնադրամին կողմէ Ֆրանսայի մէջ կազմակերպուած ֆոնեթոնի կեդրոնը, հանդիպեցաւ հիմնադրամի տեղական կառոյցի պատասխանատուներուն, որոնց շարքին Պետրոս Թերզեանի եւ գործընթացին մէջ ընդգրկուած կամաւորներու հետ: Այս մասին կը տեղեկացնեն Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութենէն:
Բակօ Սահակեան երախտագիտութիւն յայտնեց հիմնադրամի Ֆրանսայի մասնաճիւղի աշխատակիցներուն եւ կամաւորներուն՝ Արցախին միշտ օգնելնուն համար, որ հայրենասիրութեան եւ արհեստավարժութեան օրինակելի դրսեւորում է:
Հանդիպումին մասնակցեցան Ֆրանսայի մօտ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Յասմիկ Տոլմաջեան, Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Հայկակ Արշամեան եւ պաշտօնատար այլ անձեր: