ՓԱՐԻԶ.- Աշխատանքային այցելութեամբ Ֆրանսա գտնուող Արցախի Հանրապետութեան Նախագահ Բակօ Սահակեան Չորեքշաբթի, 14 Նոյեմբերին, Փարիզի մէջ հանդիպեցաւ ՀՅԴ Ֆրանսայի կառոյցի ղեկավարներուն հետ:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Արցախի ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան, Արցախ-Սփիւռք համագործակցութեան եւ տարածաշրջանային գործընթացներուն վերաբերող զանազան հարցեր:
Արցախի ղեկավարը անհրաժեշտ եւ օգտակար համարեց այսպիսի հանդիպումները՝ երախտագիտութիւն յայտնելով կուսակցութեան ներկայացուցիչներուն՝ Արցախի նկատմամբ իրենց յատուկ վերաբերումին համար: