ԵՐԵՒԱՆ.- Երեքշաբթի, 13 Նոյեմբերին, Ազգային ժողովի հերթական նիստին վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան դարձեալ նշեց, որ 2019ի պիւտճէն թոյլ է, որովհետեւ հիմնուած է յարաչափերու վրայ, որոնք փոխանցուած են նախորդ իշխանութենէն: Ան շեշտեց, որ իրենց պիւտճէի քաղաքականութեան մէջ տեղի ունեցած են շրջադարձային փոփոխութիւններ, եւ զայն կարելի է կոչել աշխատանքը քաջալերելու քաղաքականութիւն, որուն հիմքը աշխատանքը խրախուսելն է:
Անոր համաձայն՝ ցայսօր ընդունուած էր, որ երբ տնտեսական աճի մասին խօսուէր, ակնկալութիւն կար, որ տեղէ մը խորհրդաւոր մարդիկ պիտի գային եւ զարգացնէին երկիրը, իսկ կառավարութիւնն ալ անոնց հետ կապ հաստատելով զբաղէր: «Մեզի համար կարեւոր է այն, որ Հայաստանի տնտեսական աճի կառուցուածքը փոխուի այնպէս, որ անիկա դառնար ներառող: Այս կը նշանակէ, որ մեր քաղաքական եւ տնտեսական հարցն է՝ իւրաքանչիւր անհատի համար ստեղծել տնտեսական գործունէութեամբ զբաղելու իսկական կարելիութիւն», ըսաւ Փաշինեան՝ դիտել տալով, որ իրենք քաղաքական մակարդակի վրայ այդ հարցը լուծած են, որովհետեւ Հայաստանի մէջ չկան մենաշնորհներ, տնտեսական գործունէութեան սահմանափակումներ, ներածման եւ արտածման արգելքներ:
Փաշինեան բացատրեց, որ այս նպատակի իրագործման համար արդէն իսկ տնտեսական որոշ նախապայմաններ ապահովուած են, նաեւ աշխատանքը կը շարունակուի այս ուղղութեամբ, որպէսզի կարելի ըլլայ փոքր գործառնութիւններուն եւս տեղ տալ՝ զանոնք տուրքերէ զերծ պահելով: «Այն մարդիկը, որոնք գործունէութիւն կը ծաւալեն 20-24 միլիոն դրամի սահմաններուն մէջ, ոչ մէկ տուրք պիտի վճարեն: Անշուշտ, որոշ սահմանափակումներ պիտի ըլլան, նաեւ՝ սահմաններու ճշդման հարց: Այդպիսով պիտի փորձենք մարզերուն մէջ խրախուսել տնտեսական գործունէութիւնը: Փոքր գործառնութիւններու պարագային կը փորձենք օժանդակել մարդոց, որպէսզի անոնք կարենան արժանապատիւ կերպով վաստկիլ իրենց հացը», բացատրեց վարչապետի պաշտօնակատարը՝ տեղեկացնելով, որ փոքր գործառնութիւններուն համար եկամտահարկը պիտի ըլլայ ոչ թէ 23 առ հարիւր, այլ 5000 դրամ:
Ըստ անոր՝ յաջորդ հարցը, որ կը լուծէ եւ կը խրախուսէ աշխատանքը, եկամտահարկի համահարթեցման նախագիծն է, որ 36էն նուազելով՝ պիտի դառնայ 23 տոկոս: «Այսպիսով կը խրախուսենք բարձր աշխատավարձերով նոր աշխատատեղիներ ստեղծելու կարելիութիւնը: Այս եւ միւս փոփոխութիւններով շուրջ 50 միլիառ յաւելեալ դրամ կը ներգրաւենք տնտեսութեան մէջ: Ասիկա կը նշանակէ նաեւ աշխատավարձերու որոշ բարձրացում: Եթէ եկամտահարկը նուազի, ուրեմն աշխատավարձը կ՛աւելնայ», ըսաւ Փաշինեան:
Վարչապետի պաշտօնակատարին համաձայն՝ յաջորդ կարեւոր որոշումը կը վերաբերի անձնական թաքսիները արտօնագրային վճարումներէ զերծ պահելուն: «Այս որոշումին շահառուները, փորձագիտական գնահատականներով, շուրջ 50 հազար հոգի են: Այդպիսով Երեւանի մէջ անհատ թաքսի վարողներուն աշխատավարձը կը բարձրանայ 12 հազար դրամով, իսկ մարզերուն մէջ՝ 8 հազար դրամով», ընդգծեց Փաշինեան:
Ան յայտնեց, որ իրենց քաղաքականութիւնը ուղղուած է ոչ թէ աշխատունակ անձին նպաստ տալուն, այլ՝ օգնութիւնը աւելի թիրախային դարձնելուն՝ շեշտելով, որ օգնութիւնը պէտք է տալ հասցէական՝ թոշակառու մարդուն, երեխային, որպէսզի իսկապէս օգնեն այդ ընտանիքին, եւ ոչ թէ այդ ընտանիքը դատապարտեն աղքատութեան: «Մեր կառավարութեան քաղաքականութիւնը պիտի ըլլայ աշխատանքի խրախուսումը, քաղաքացիները պիտի քաջալերենք, որ անոնք ոտքի ելլեն, հաւատան իրենց ուժերուն, որպէսզի կարելի ըլլայ արդիւնքի հասնիլ: Մենք մեր քաղաքացիներուն կոչ պէտք է ուղղենք, որ իրենց աղքատութեան եւ յուսահատ վիճակին հետ չհամակերպին եւ ձեռնարկեն յստակ քայլերու՝ այդ վիճակի յաղթահարման համար», յայտարարեց Փաշինեան, որ աւելցուց՝ ըսելով, թէ ասոր զուգահեռ, 2019ի պիւտճէով ընկերային լուրջ ծրագիրներ կը մշակուին, որպէսզի կարելի ըլլայ հաստատել, որ Հայաստանի 85 հազար նպաստառուները պիտի ստանան այնքան թոշակ, որ իրենց հացը եւ սնունդը գնելու կարելիութիւն ունենան: