Հայաստանի Հանրաետութեան երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի պաշտպանական խումբը դիմած է Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարան:
Գանգատը ներկայացուած է Եւրոպական պայմանագիրի 6րդ յօդուածի 2րդ եւ 3րդ կէտերով՝ անմեղութեան կանխավարկածի եւ պաշտպանութեան իրաւունքի խախտումի հիմքերով:
Յայտնենք, որ պաշտպանական խումբը Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարան դիմած է առանց ներպետական դատական ատեանները սպառելու, որովհետեւ ներպետական դատական ատեանները կը համարեն տուեալ գործին համար անարդիւնաւէտ միջոց, որուն մանրամասն պարզաբանումները ներկայացուած են բողոքի հիմքին մէջ:
Նախորդ վարչակարգի ժամանակ եւս, նո՛յն պատճառաբանութեամբ, Հայաստանի քաղաքացիներ կը դիմէին Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարան…:
This criminal should be arrested and prosecuted.