Հոկտեմբեր ամիսը կը նշուի որպէս հայ մշակոյթի ամիս. եւ ամէն տարուայ նման այս տարի եւս, Փիլիպոս դպրոցին մէջ, մեծ ոգեւորութեամբ նշուեցաւ այս «Հայ Տարրը» յիշեցնող ամիսը:
Ամբողջ ամսուան ընթացքին եւ ամբողջ դպրոցով՝ աշակերտութիւն եւ ուսուցչական կազմ՝ միասնաբար մասնակցեցան ձեռնարկներուն, որոնք ծրագրուած եւ պատրաստուած էին Մշակոյթի յանձնախումբին կողմէ, բաղկացած տասնեակ մը դպրոցիս ուսուցիչ-ուսուցչուհիներէ:
Այս ձեռնարկներուն առաջինին բացումը տեղի ունեցաւ Հոկտեմբեր 4ին, երբ խումբ մը պատանի աշակերտներ՝ մաս մը հայկական տարազներ հագած, միւս մասը փողային եւ հարուածային գործիքներ գրկած, շրջեցան դասարանները եւ նուագով ու պարով ներկայացուցին հայկական տարազները, տհոլն ու տուտուկը եւ ամսուան խորհուրդը փոխանցեցին աշակերտներուն:
Նոյն օրը, եւ ամբողջ օրուան ընթացքին, բոլոր աշակերտները անխտիր, իրենց հայերէնի դասապահերուն եռագոյն երիզներ կապեցին դպրոցին մուտքի դարպասին վրայ ստացանալով կարմիր, կապոյտ եւ նարնջագոյն գոյներով պաստառ մը՝ կարծես «հիւսուած գորգ» մը ըլլար, կախուած դպրոցին մուտքին:
Հայկական երգերն ու երաժշտութիւնը օրուան ընթացքին, զբօսանքներուն եւ արձակուելու ժամանակ, եկան ա՛լ աւելի ճոխացնելու մթնոլորտը:
Աւելին, Հոկտեմբեր 12ին, յանձնախումբին կողմէ պատրաստուած «Power Point»ի մը ներկայացումը տրուեցաւ բոլոր կարգերուն, հայկական պատմութիւնը ճոխացնող, ծանօթ եւ հռչակաւոր գիտնականներու եւ հնարագէտներու մասին:
Հոկտեմբեր 25ին, նոյն պատանիներուն խումբը՝ հայկական տարազներով, տհոլ-զուռնայով, սակառներով լեցուն լաւաշներով եւ չոր պտուղներով այցելեցին դպրոցին Մանակամսուրի բաժինը: Հոն երգեցին, պարեցին ու նուագեցին մեր հմայուած փոքրիկներուն դիմաց, որոնք, հանդէսի աւարտին շարիկներով, չիր ու չամիչով անուշցուցին իրենց քիմքերը:
Եւ վերջապէս, Հոկտեմբեր 30ին, մշակոյթի ամսուան փակման հանդիսութեան առիթով, դպրոցիս աշակերտները յատուկ յայտագիրներով հանդէս եկան երեք տարբեր հանգրուաններով:
Առաջին հերթին, նախակրթարանի աշակերտները ներկայացուցին «Տաղանդներու հանդէս»ը (Talent Show): Այսպէս, Մանկապարտէզէն մինչեւ հինգերորդ դասարան, տասնեակ աշակերտներ ելոյթ ունեցան ՝ դաշնակ նուագեցին, պարեցին, արտասանեցին, բուրգ կազմեցին եւ խանդավառեցին հանդիսատեսները:
Աւելի ուշ, միջնակարգ եւ երկրորդական բաժիններու աշակերտները, տարբեր ժամերու, կենդանի պատկերներով հանդէս եկան. Ներկայացուցին պատկերներ՝ ներ-շնչուած մեր պատմութենէն, մեր անցեալէն, մեր յուշակոթողներէն եւ արձաններէն:
Արդարեւ, հաւատալով, որ մշակոյթը ազգի մը գոյատեւման գլխաւոր ազդակներէն մէկն է եւ մեր ինքնութիւնը անիմաստ է առանց մեր հարազատ մշակոյթին, «Փիլիպոս»ի ամբողջ աշակերտութիւնը, այս զանազան ձեռնարկներով յաջողեցաւ կամրջել ներկան անցեալին, ընթանալով դէպի ապագայ:
————————————————————————————————————–
Հայ Գիրքի Վաճառք
Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս վարժարանին մէջ Հոկտեմբեր ամիսը կը նուիրուի հայ մշակոյթին, երբ մէկ ամսուան տեւողութեամբ զանազան առիթներով այլազան ձեռնարկներ տեղի կ՛ունենան, աշակերտներուն մէջ սէր սերմանելու համար մեր մշակոյթին հանդէպ:
Այս աշխատանքներուն շարքին, վարժարանիս Ծնողական խորհուրդը Հոկտեմբեր 9էն 11, կազմակերպեց արդէն իսկ աւանդութիւն դարձած հայ գիրքին նուիրուած վաճառքը:
Այս տարուան վաճառքը կը տարբերէր նախկիններէն նկատի ունենալով, որ վաճառքի դրուած էին հիմնականօրէն ամէն տարիքի յարմար հայատառ գիրքեր՝ թէ՛ արեւելահայերէն եւ թէ արեւմտահայերէն, հայկական զարդեր, հայկական նախշերով առարկաներ, հայկական դրօշակներ, տնային առարկաներ եւ հայկական խաղեր:
Աննկարագրելի էր աշակերտներուն խանդավառութիւնը, երբ վաճառք կատարուած այցելութեան աւարտին, հրաւիրուեցան դասարանային լուսանկար մը առնելու կազմակերպիչ յանձնախումբին կողմէ իրենց համար յատուկ պատրաստուած հայկական թագերով ու գլխարկներով:
Երեք օրերու ընթացքին, աշակերտները օրական դրութեամբ այցելեցին սոյն վաճառքը, մօտէն շփում ունեցան հայ մշակոյթին հետ ու իրենց մէջ սերմանուեցաւ սէրը հանդէպ հայ գիր-գրականութեան:
(Թղթակցութիւնը՝ վարժարանէն)