ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- «Սասնայ Ծռեր» կուսակցութիւնը պիտի մասնակցի Ազգային ժողովի արտահերթ ընտրութիւններուն:
Այս կուսակցութեան ընտրական ցանկը պիտի գլխաւորէ Վարուժան Աւետիսեան:
Նշենք, որ նոյն կուսակցութեան ղեկավարներէն Ժիրայր Սեֆիլեան ցանկին մէջ չէ ընդգրկուած: Սեֆիլեան տակաւին Հայաստանի քաղաքացիութիւն չունի:
Անցեալ շաբաթ, Հայաստանի արդարադատութեան նախարարութիւնը իր հաւանութիւնը տուաւ, որ Սեֆիլեան ստանայ Հայաստանի քաղաքացիութիւն: