ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի քննչական կոմիտէի Երեւան քաղաքի քննչական վարչութիւնը կը շարունակէ քրէական գործով ձեռնարկուած անհրաժեշտ քննչական գործողութիւնները՝ «Սելենա» ընկերութեան կատարած չարաշահումներուն բոլոր հանգամանքները յայտնաբերելու ուղղութեամբ: Բազմակողմանի քննութեանց շնորհիւ, բաւարար տուեալներ ձեռք բերուած են՝ առանձնապէս մեծ չափերով հարկային պարտաւորութններէ խուսափելու հարցով:
«Սելենա»ին պատկանող «Եանս» ճաշարանային համալիրի տնօրէնութեան կողմէ 2017ին կատարուած ներքին ստուգումները պարզած են, որ ընկերութեան հաշուապահը եւ տնօրէնը չարաշահումներ կատարած են: Դէպքին առիթով յարուցուած է քրէական գործ:
Բազմակողմանի եւ ամբողջական քննութիւն ապահովելու նպատակով իրականացուած մեծածաւալ քննչական գործողութիւններու շնորհիւ ձեռք բերուած են տուեալներ՝ յանցաւոր այլ դրսեւորումներու վերաբերեալ, որոնց հետեւանքով պետութեան պատճառուած վնասը, նախնական հաշուարկներով, կազմած է 1 միլիառ 163 միլիոն 516 հազար 352 դրամ:
Քրէական գործով ձեռք բերուած նոր փաստացի տուեալներու հիման վրայ յարուցուած է նոր քրէական գործ՝ առանձնապէս մեծ չափերով հարկեր վճարելէ խուսափելու դէպքին առիթով:
Նշենք, որ «Սելենա» ընկերութեան տէրն է Ռ. Կարապետեան, որուն ամուսինը նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեանի թիկնազօրի պետ Վաչիկ Ղազարեանն է:
Խնամի-խորան՝ հարկերէն փախան: