
ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ
Միացեալ Նահանգներու տարածքին անհաշիւ դարձած զանգուածային սպանութիւններուն թիւը մէկով աւելցաւ 7 Նոյեմբերի երեկոյեան, Հարաւային Քալիֆորnիոյ մէջ տեղի ունեցած յարձակումով, սակայն աւելի ցաւալին այն է, որ այդ եւս բաւարար չէ եղած երկրին իշխանութիւնները մղելու, որ առաւել լրջութեամբ մօտենան զէնքերու սանձարձակ առուծախը զսպելու կամ նման ոճիրներու տուն տուող հոգեկան կամ մտային խանգարումները դարմանելու ջանքերուն։
Արդարեւ, չափուած-ձեւուած եւ արդէն իսկ անարժէք դարձած իր ցաւակացականէն ետք, նախագահ Տանըլտ Թրամփ արդէն մոռցած է հարցը եւ վերադարձած է իր երեւակայածին «տագնապ»ներուն, փորձելով ամերիկացիները համոզել, որ երկրին բոլոր հարցերը ներածուած են։
Առ այդ, 9 Նոյեմբերին ան դարձեալ միջնադարեան ոճով հրամանագիր մը արձակեց՝ պնդելով, որ «ազգային ապահովութեան սպառնացող արտակարգ» վտանգներուն պատճառով, յառաջիկայ երեք ամիսներուն (երկարաձգուելու հաւանականութեամբ) երկրին սահմանները ապօրինի կերպով հատած գաղթականներուն ապաստանեալի իրաւունք պիտի չտրամադրէ։ Մինչ դատարանները յառաջիկայ շաբաթներուն պիտի քննեն այս հրամանագիրին օրինականութիւնը, պէտք է նշել, որ ան այս քայլը կ՛առնէ այն ժամանակամիջոցին, երբ Միացեալ Նահանգներէն շատ աւելի աղքատ պետութիւններ աշխարհի տարածքին կը հիւրընկալեն միլիոնաւոր կարիքաւոր գաղթականներ, որոնք տեղահան եղած են յաճախ նոյնինքն Միացեալ Նահանգներու իշխանութեանց ուղղակի կամ անուղղակի քայլերուն հետեւանքով։
Մէկ կողմէ, Հրացանի ազգային ընկերակցութեան ճնշումներուն տեղի տալով, իսկ միւս կողմէ, ինքզինք իբրեւ ոչ ոքի առջեւ տեղի տուող գործարար-նախագահը նոյնիսկ չի յանդգնիր նուազագոյն սեղմումներ առաջարկելու հրազէնի առուծախին դէմ, եւ ամէն առիթով կը փորձէ լուսարձակները շեղել դէպի երկրին հարաւային սահմանները, ուր «ներխուժող» քանի մը հազար գաղթականները, որոնք տակաւին հարիւրաւոր մղոններ հեռու կը գտնուին սահմանագիծէն, իր կողմէ կը ներկայացուին իբրեւ մարդասպաններ, բռնաբարողներ եւ ահաբեկիչներ։
Վերջապէս, պէտք է գիտակցիլ, որ Թաուզընտ Օքսի մէջ 12 հոգիի, ապա իր կեանքը խլած ամերիկացի նախկին զինուորը ոչ մէկ սահման հատած էր Միացեալ Նահանգներ գալու համար, այլ՝ անզսպելի դարձած «սպաննող գործիք»ի մը վերածուած էր ամերիկեան զինուորական ուժերուն կողմէ։
Թէեւ առհասարակ կարելի է համաձայն գտնուիլ յօդուածագրին հետ թէ՝ անհրաժեշտ է «լրջութեամբ մօտենալ զէնքերու սանձարձակ առուծախը զսպելու կամ նման ոճիրներու տուն տուող հոգեկան կամ մտային խանգարումները դարմանելու ջանքերուն», սակայն պէտք է ընդունիլ որ նման «լուծումներ» չէին կրնար առաջքը առնել ա՛յս դէպքին:
Նախ՝ յանցագործը զէնքը օրէնքով գնած է երբ «հոգեկան կամ մտային խանգարումներ» չէ դրսեւորած: Ի՞նչ պատճառաբանութեամբ եւ ո՞ր օրէնքի հիման վրայ զէնք պիտի չվաճառէին իրեն:
Երկրորդ՝ երբ վերջերս մօրը հետ բարձրաղմուկ վիճաբանութեան պատճառով ոստիկաններ զինք յանձնած են հոգեբանի ուշադրութեան, հոգեբանին եզրակացութիւնը եղած է այն՝ որ որեւէ պատճառ կամ արդարացում չկայ «իր կամքին հակառակ»՝ այս անձը հոգեբուժարան ղրկելու:
Եւ վերջապէս՝ երբ կը նշենք թէ «Միացեալ Նահանգներէն շատ աւելի աղքատ պետութիւններ աշխարհի տարածքին կը հիւրընկալեն միլիոնաւոր կարիքաւոր գաղթականներ», պէտք է նաեւ անկեղծութիւն դրսեւորենք եւ ընդունինք որ այդ «միլիոնաւոր կարիքաւոր գաղթականներ»ը ընդունելու դիմաց՝ «Միացեալ Նահանգներ(ը) շատ աւելի աղքատ պետութիւններ»ուն միլիոնաւոր տոլարներ կը նուիրէ: Լաւագոյն օրինակներն են Լիբանանն ու Յորդանանը: