ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Սուրիոյ մէջ տակաւին կան 6.2 միլիոն գաղթականներ, որոնք կու գան աւելնալու 2011ին սկսած հակամարտութեան պaատճառով երկիրը լքած առաւել քան 5.5 սուրիացիներուն վրայ։
Ըստ «ՌԻԱ Նովոսթի»ի՝ այդ տեղեկութիւնը փոխանցած է ՄԱԿի գաղթականներու գերագոյն յանձնակատարի Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի հարցերով օգնական Էմին Աուատ, 8 Նոյեմբերին, Ուաշինկթընի մէջ, ելոյթ ունենալով Միջին Արեւելքի հարցերուն նուիրուած խորհրդաժողովի մը ընթացքին: Ան նշած է, որ Սուրիոյ մէջ գաղթականները «կը տառապին նոյնքան, որքան անոնք, որոնք կը գտնուին անոր սահմաններէն դուրս»:
Աուատի համաձայն՝ գաղթականներուն 82 տոկոսը պատրաստակամութիւն յայտնած է տուն վերադառնալու: