ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Աազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) անձնակազմի աշխատավարձերը պիտի բարձրանան շուրջ 30 տոկոսով:
Երեքշաբթի, 6 Նոյեմբերին, լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին ԱԱԾի տնօրէնի տեղակալ Արամ Յակոբեան յայտարարեց. «Յաջորդ տարի ԱԱԾ աշխատակիցների աշխատավարձերը կը բարձրանան մօտ 30 տոկոսով»:
Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան 2019ի պետական պիւտճէէն պիտի կը յատկացուի 22 միլիառ 580 միլիոն դրամ, որուն 83 տոկոսը պիտի ուղղուի աշխատավարձերու եւ դրամական խրախուսութիւններու տրամադրման: