ՔԱՆՈԿԱ ՓԱՐՔ.- ՀԲԸՄի նախագահ Պերճ Սեդրակեան Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 25ին այցելեց ՀԲԸՄի Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարան: Ան դիմաւորուեցաւ վարժարանի տնօրէնութեան եւ աշակերտական խորհուրդի անդամներու կողմէ եւ այցելեց վարժարանի տարբեր բաժիններ եւ դասարաններ՝ ծանօթանալով այս տարեշրջանին հիմնովին վերանորոգուած համակարգիչի երկու դասարաններուն, երկրորդականի արդիականացած պարի դասարանին, նախակրթարանի թուաբանութեան դասարանին ու անոր նորարարութիւններուն:
Ապա, Արտեմիս Նազարեան ծաղկոցին մէջ, Սեդրակեան դիմաւորուեցաւ նախամանկապարտէզի փոքրիկներուն կողմէ՝ ՀԲԸՄի դրօշակներով եւ հայրենաշունչ երգերու փունջով մը:
Երկրորդականի աշակերտութեան հետ զրոյց-հանդիպումը ծրագրուած էր դպրոցին հանդիսասրահին մէջ, ուր լրագրութեան ակումբի անդամներուն հարցումներուն պատասխանեց միութեան նախագահը: Աւարտին, ան պատգամեց աշակերտութեան՝ ըլլալ ազնիւ քաղաքացիներ, տիպար հայեր, մաս կազմելով հայ համայնքի կազմակերպչական կեանքին:
Տնօրէնուհի Արփի Աւանէսեան Սեդրակեանը պատուեց դրօշակով մը, որուն վրայ ստորագրած էին անցեալ Մայիսին Հայաստան այցելած եւ Արագածի գագաթը բարձրացած աշակերտները եւ ուսուցիչները: