ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- Հայկական լօլիկը առաջին անգամ ըլլալով արտածուած է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ: Այս մասին «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ գրած է գիւղատնտեսութեան նախարարութեան սննդամթերքի անվտանգութեան պետական ծառայութեան ղեկավար Գէորգի Աւետիսեան:
2018ի առաջին 9 ամիսներուն, 2017ի նոյն ժամանակահատուածին հետ համեմատած՝ Հայաստանէն 21.8 տոկոսով առաւել բուսական արտադրանք արտածուած է: