ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստան Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) գլխաւոր քարտուղարի թափուր պաշտօնին համար պիտի առաջադրէ պաշտպանութեան նախկին նախարար Վաղարշակ Յարութիւնեանի թեկնածութիւնը:
«Քաղաքական որոշումը այս հարցին շուրջ արդէն տրուած է՝ նկատի ունենալով այն, որ Հայաստան ՀԱՊԿ ղեկավարութիւնը պէտք է ստանձնէ մինչեւ 2020 թուականը», «Արմէնփրէս»ի թղթակիցին յայտնած է կառավարութեան մօտիկ աղբիւր մը: