ԵՐԵՒԱՆ.- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը յառաջիկայ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու նախընտրական ցանկին վերաբերեալ տակաւին որոշում չունի:
«Արմէնփրես»ի հետ զրոյցի մը ընթացքին այս մասին ըսաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արսէն Համբարձումեան:
Պատասխանելով այն հարցումին, որ արդեօք կա՞յ որոշում, թէ որոնք ընդգրկուած պիտի ըլլան նախընտրական ցանկին վրայ՝ Համբարձումեան յայտնեց, որ այդ հարցը տակաւին քննարկման փուլին մէջ է:
«Օրէնքով սահմանուած ժամկէտներ կան, եւ այդ ժամկէտներուն մէջ ցանկը պիտի ներկայացնենք: Նկատի ունենալլով, որ գործ ունինք վարկանշային համամասնական ընտրակարգին հետ, քննարկումները կ՛ընթանան մարզային կտրուածքով», ըսաւ Համբարձումեան: