ՊՈԼԻՍ.- Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի խորհրդականներէն Իլնուր Չեւիք մեկնաբանած է Սուրիոյ Մընպեճ քաղաքին մէջ գտնուող Միացեալ Նահանգներու դաշնակից քրտական ուժերու դիրքերուն ռմբակոծումը՝ թրքական բանակին կողմէ:
Թրքական «Տիքեն» լրատուական կայքին համաձայն՝ Չեւիք նշած է, թէ Անգարա անընդուելի կը գտնէ այն իրողութիւնը, որ Միացեալ Նահանգներ ո՛չ միայն չ՛ապահովեր քիւրտ զինեալներուն Մընպեճէն հեռացումը, այլ նաեւ կը շարունակէ աջակցիլ քրտական ջոկատներուն:
«Ասիկա զգուշացում է, բարեկամական ուղերձ մը Միացեալ Նահանգներուն, որ կը շարունակէ չստիպել տարածքին մէջ իրենց ոտքը ամրապնդած քիւրտ զինեալներուն այստեղէն հեռանալ: Անոնք այստեղ կը կատարեն գործողութիւններ, որոնք ուղղուած են Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութեան դէմ, եւ Միացեալ Նահանգներ աչք կը փակէ այդ բոլորին վրայ: Ասիկա հաճելի չէ նոյնիսկ Ռուսիոյ եւ Իրանի համար: Թուրքիա այս ուղերձները յղած է նաեւ Աֆրինի մէջ եւ կատարած այն, ինչը պէտք էր: Հիմա կարգը Մընպեճին եւ Եփրատի արեւելեան ափինն է», ըսած է Էրտողանի խորհրդականը: