ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի ազգային անվտանգութեան հարցերու խորհրդական Ճան Պոլթընի հետ իր հանդիպումը կը համարէ դիւանագիտական մեծ նուաճում:
Փաշինեան նշեալ յայտարարութեամբ հանդէս եկաւ Ազգային ժողովին մէջ՝ վարչապետի ընտրութեան հարցի քննարկման ատեն ունեցած եզրափակիչ ելոյթին ընթացքին անդրադառնալով Պոլթընի՝ Հայաստան կատարած այցելութեան շուրջ հնչող տարաբնոյթ մեկնաբանութիւններուն:
«Ես հանդիպել եմ Բոլթոնի հետ, այդ հանդիպման ընթացքում նոյնիսկ նուազագոյն նիւանս (նուրբ ակնարկ, նրբերանգ-Խմբ.) չի եղել, որ Հայաստանում եւ հայ ժողովրդի շրջանում անհանգստութիւն պէտք է առաջացնի: Ես այս հանդիպումը համարում եմ մեզ համար խոշոր դիւանագիտական նուաճում, յետագայում կ՛ասեմ, թէ ինչն է պատճառը, որ ես այսպէս եմ ասում», ըսաւ Փաշինեան, հաւաստիացնելով, որ այդ հանդիպման բովանդակութիւնը որեւէ կապ չունի այն մտահոգութիւններուն հետ, որոնք տարածուած են հայկական իրականութեան մէջ:
Պոլթընի՝ Իրանի շուրջ «օղակը սեղմելու» մասին յայտարարութեան անդրադառնալով, Փաշինեան յայտնեց, որ ինք Պոլթընի հետ հանդիպման ատեն յստակացուցած է, որ Իրանի եւ Վրաստանի հետ Հայաստանի առանձնայատուկ յարաբերութիւնները պէտք է վեր ըլլան աշխարհաքաղաքական ազդեցութիւններէ:
«Մեր այս դիրքորոշումը ԱՄՆի պատուիրակութեան համար եղել է պարզ, ընկալելի եւ նոյնիսկ ընդունելի», ըսաւ Փաշինեան: