ԵՐԵՒԱՆ.- «Մարտ 1»ի գործով քննչական խումբի նախկին ղեկավար Վահագն Յարութիւնեան՝ իբրեւ մեղադրեալ ներգրաւուած է «առանձնապէս ծանր յանցագործութեան վերաբերեալ քրէական գործով ապացոյցներ կեղծելու» մէջ:
Յատուկ քննչական ծառայութեան տարածած հաղորդագրութեան համաձայն՝ պարզուած է, որ Վահագն Յարութիւնեան 2007-2011 թուականներուն յատուկ քննչական ծառայութեան յատկապէս կարեւոր գործերու աւագ քննիչի պաշտօն վարած շրջանին կազմակերպած է ապացոյցներու կեղծումը, յատկապէս նպատակ ունենալով կեղծել Մարտի 1-2 2008 ժամանակահատուածին, Երեւանի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն ընթացքին «Հայաստանի զինուած ուժերի հակասահմանադրական օգտագործման, այդ թւում՝ զինուած ուժերի ծառայողների կողմից հրազէնի ապօրինի գործադրման իրական հանգամանքները»:
«Դէպքի վայրի տարբեր տեղամասերից զննութեամբ յայտնաբերուած տարբեր տեսակի եւ տրամաչափի հրազէններից կրակուած, իրեղէն ապացոյց հանդիսացող շուրջ 1000 պարկուճները փոխարինուել են ՀՀ ոստիկանութեան զօրքերի սպառազինութեան մէջ մտնող նոյն տեսակի այլ հրազէններից կրակուած պարկուճներով: Այնուհետեւ այդ պարկուճները տրամադրուել են ոստիկանութեան փորձաքրէագիտական վարչութեան փորձագէտ, նշանակուած դատաձգաբանական փորձաքննութիւնը կատարող Ա. Հ.ին: Վերջինս, օժանդակելով Վ. Յ.ին, նրա կազմակերպմամբ եւ անմիջական ցուցումներով նշուած պարկուճներով փոխարինել է դէպքի վայրի տարբեր տեղամասերի զննութեամբ յայտնաբերուած ու առգրաւուած իրական պարկուճները: Յետագայում կեղծուած ապացոյցների հետազօտման արդիւնքներն Ա. Հ.ն ամրագրել է իր կողմից տրուած՝ փորձագէտի 2008 թուականի Դեկտեմբերի 29ի ակնյայտ կեղծ եզրակացութիւնում, որն էլ, որպէս կեղծ ապացոյց, 2008 թուականի Դեկտեմբերի 30ին կցուել է քրէական գործի նիւթերին եւ դրուել շրջանառութեան մէջ:
Վ. Յ.ի եւ Ա. Հ.ի նկատմամբ յայտարարուել է հետախուզում: ՀՀ յատուկ քննչական ծառայութեան քննիչի կողմից միջնորդութիւններ են ներկայացուել դատարան՝ նրանց նկատմամբ կալանաւորումը որպէս խափանման միջոց ընտրելու համար», նշուած է վերոնշեալ հաղորդագրութեան մէջ։