Քանի՜ Բանաստեղծ Երգահանի Կը Սպասէ…
ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
«Լարք» երաժշտական ընկերակցութիւնը Կիրակի, 21 Հոկտեմբերի յետմիջօրէին, Լոս Անճելըսի «Զիփըր» սրահին մէջ մեկնարկեց «Դիլիջան» սենեկային երաժշտութեան այս տարուան համերգաշարը, որ երաժշտասէրին կը հրամցուի 14րդ տարին ըլլալով։
Ընդամէնը 6 համերգներ խոստացող շարքին այս առաջինը եթէ եղաւ հայկական ու միջազգային երաժշտական գործերու վայելքի պահ մը, անիկա նաեւ երաժշտասէրներուն համար առիթ էր վկայելու, որ Վաչէ Պարսումեանի «Լարք»ն ու իր բազմաթիւ նախաձեռնութիւններէն՝ «Դիլիջան»ը, գործակցութեամբ Մովսէս Պօղոսեանի, հաւատարիմ կը մնան իրենց իսկ կողմէ հաստատուած ու նուիրագործուած չափանիշներուն ու իւրայատուկ աւանդութեան, որ ունի բազմաթիւ երեսներ։
Երգահանդէսին յայտագիրը նուիրուած էր նոյն օրերուն տօնող՝ Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան 100ամեակին, եւ ունէր գլխաւոր երկու բաժին. հայկական եւ միջազգային երաժշտական կտորներու մատուցում, որ ներկաներուն բաց հրաւէր մըն էր ապրելու Գեղ-Արուեստ-ին շնորհած երանութեան պահեր։
Հայկական բաժինով, հանդիսատեսին ներկայացուեցաւ երկու հայ երիտասարդ երգահաններու նորաստեղծ գործերէն շարք մը, մեծ մասամբ բեմական առաջին ներկայացումներ։ Աշոտ Գարթալեանի մէկ ստեղծագործութիւնը՝ «Սաղմոս թիւ 8», ներկայացուցին Ճոն Լի Քենըն (թենոր) եւ Էտուըրտ Լեւի (պարիթոն), նուագակցութեամբ «Դիլիջանի տոնամօ» Մովսէս Պօղոսեանի (ջութակ) եւ Սթիվըն Վենհովերթի (դաշնակ)։ Ի դէպ, նման առաջին մատուցումներ մէկ էջը կը կազմեն «Դիլիջան»ի աւանդութեանց, որոնց ակնարկեցինք քիչ առաջ. այս ու նման յօրինումներ կ՛իրագործուին երգահաններուն ուղղուած հրաւէրով, ձեւով մը՝ յօրինումներ՝ ապսպրանքի վրայ (բոլորովին տարբեր… հագուստ կամ կօշիկ ապսպրելու տրամաբանութենէն, այլ՝ արուեստի գործ ստեղծելու մղումով)։
Հետեւեցաւ Արթիւր Ահարոնեանի ստեղծագործութիւններէն շարք մը. հայկական ու միջազգային երգարուեստի բեմերուն վրայ տիրական ներկայութիւն դարձած Շուշիկ Պարսումեան կրկնակի հմայք ընծայեց ունկնդիրին, ո՛չ միայն իր գեղեցիկ մեկնաբանութեամբ, այլեւ մեծ բանաստեղծի մը գիրին նոր շունչ տալու իմաստով։ Այս մասին՝ քիչ անդին, սակայն հոս ըսենք, որ յօրինումները ներշնչումի աղբիւր ունէին Համօ Սահեանի գոհարներէն քանի մը բանաստեղծութիւն եւ կը կրէին «Հոգիիս կանչը» ընդհանուր խորագիրը։ Շուշիկին ընկերացան նոյնինքն երգահանը՝ Ա. Ահարոնեան (դաշնակ), Հայաստանէն ժամանած, եւ Ֆիլ Օքանըր (քլարինէթ)։
Այս բաժինին վերջին մասով, Ա. Ահարոնեան դաշնակի վրայ մատուցեց իր ստեղծագործութիւններէն շարք մը, առաջինը՝ ձօնուած իր երաժշտութեան ուսուցիչներէն Է. Պաղտասարեանի, իսկ միւս երեք կտորները ներշնչուած էին հայկական պարեղանակներէ։ Ան իրա՛ւ արուեստագէտի համեստութեամբ յայտարարեց, թէ «պարզապէս հպումներ կատարած է», սակայն ի՜նչ խօսք, արդիւնքը հմայիչ էր ու համակող։ Հեղինակին ընկերացան Մ. Պօղոսեան եւ Ֆ. Օքանըր։ Ի դէպ, բացի Է. Պաղտասարեանի ձօնուած կտորէն, միւսները առաջին անգամ ըլլալով կը հրամցուէին արուեստասէրին։ Պէտք է նշել նաեւ, որ Գարթալեանի գործն ու Սահեանի բանաստեղծութեանց հիմամբ յօրինումները հովանաւորած են տէր եւ տիկին տոքթ. Նազարէթ Տարագճեաններ՝ «Լարք»ի եւ «Դիլիջան»ի գլխաւոր զօրակիցներէն. այս գործերը ձօնուած էին Հ. Ա. ընկերակցութեան։
Յայտագիրին երկրորդ բաժինը կը ներկայացնէր Եոհանս Պրամզի մէկ ստեղծագործութիւնը՝ լարային վեցեակի համար յօրինում մը (String sextet No. 1, Op. 18, in B flat Major)։ Կատարողներն էին Մ. Պօղոսեան, Էլիզապէթ Ուիլսըն (ջութակ), Քերի Տենիս, Քէյթ Վինսընթ (վիոլա), Անթոնիօ Լիսի եւ Վարդան Գասպարեան (թաւ ջութակ)։ Առաջիններէն տարբեր ժամանակի մէջ արարուած ու այլ մթնոլորտ հաղորդող գործը հայկական բաժինին հետ ունէր մէկ գլխաւոր հասարակ յայտարար. արուեստը եւ անոր առթած դիւթանքը…
***
Հիմա անցնինք սեղմ տեղեկագրումէ անդին։ Եթէ գեղարուեստական մեկնաբանութիւնը եւ գնահատականը թողունք մասնագէտներու, չենք կրնար արագ անցնիլ երեւոյթի մը վրայէն, որ թէեւ աննախընթաց չէ, սակայն կը կարօտի յատուկ ուշադրութեան ու գնահատանքի։ Այդ ալ՝ հայկական բանաստեղծութիւններու հիմամբ երաժշտութիւն յօրինելու-յօրինել տալու աւանդութիւնն է, որ կը կազմէ այս համերգաշարի առաքելութիւններէն ու նպատակներէն գլխաւորը, ինչո՞ւ չէ նաեւ՝ հիմնական արժանիքը։
Ոչ-աննախընթացը այն է, որ «Լարք»-«Դիլիջան» զոյգը ամէն տարի իր յայտագիրներուն վրայ կ՛ունենայ «ապսպրանքի վրայ» նման ստեղծագործութիւններ, որոնք «Զիփըր» սրահի բեմէն կ՛ընծայուին լոյս աշխարհին, այսինքն, հանդիսականը ինքզինք մենաշնորհեալ կը զգայ, որ կ՛ըլլայ տուեալ գործին առաջին ունկնդիրը։ Յօրինելու կը հրաւիրուին հայ թէ օտար երգահաններ, ինչ որ այլապէս գեղեցիկ կամուրջներ կ՛աւելցնէ հայկական ու ոչ-հայկական երաժշտական աշխարհներուն միջեւ, գործ մը՝ որ այլապէս բաւական ճամբայ կտրած է մեր մայր հայրենիքին մէջ, սակայն արտերկրի մէջ դժբախտաբար կը մնայ աւելի համեստ, պեղելի անծայր տարածութիւն։
Հայ բանաստեղծներու գործերուն հիմամբ երաժշտութեան յօրինումը ունի այլ արժէք։ Բանաստեղծները կ՛ապրին երկրորդ կամ երրորդ կեանք՝ երաժշտութեան ճամբով. այլ խօսքով, գրաւոր ստեղծագործութիւններ դուրս կու գան գիրքերէն ու կը ստանան տարբեր որակ ու երանգ (մեր այս հաստատումով, ըսել չենք ուզեր թէ անոնք կ՛ունենան աւելի բարձր որակ), եւ ահա իր իսկական իմաստը կը զգենու այն խօսքը, ըստ որուն՝ ոեւէ բանաստեղծ երգիչ է, իսկ բանաստեղծութիւնը՝ երգ, մինչեւ իսկ եթէ չէ ստեղծուած չափածոյ ձեւով։ Բանալին՝ Արուեստն է ու գեղը։ Երաժշտութեան ընկերակցութեամբ մատուցուող գործ մը ահա այսպէ՛ս կ՛ապրի նոր կեանք մը, կրնայ վերաշահիլ լայն ժողովրդականութիւն. տակաւին, որոշ գործ մը երբեմն կ՛արժանանայ տարբեր մեկնաբանութիւններու, մէկը միւսէն գեղեցիկ, որովհետեւ իւրաքանչիւր երաժիշտ կը ներարկէ ի՛ր ոճը, անձնական կնիք մը կը դնէ գործին վրայ. վստահ ենք որ ընթերցողը ծանօթ է երաժշտութեան հանճարներու գործերուն տարբեր մեկնաբանութիւններուն, մէկը՝ խաղաղ, միւսը՝ աւելի կշռութաւոր, երրորդի մը մէջ՝ որոշ գործիքներու շեշտաւորումով, մինչեւ իսկ դասականը այլ ոճերու վերածելով (ճէզ, հարտ ռոք…)։
Բանաստեղծութեանց երգի՛ ճամբով մատուցումն ու ժողովրդականացումը աւելի ճանաչում ունի ժողովրդական երգերու պարագային, ունի ի՛ր պատմութիւնը։ Անոնք, որոնք կը հետեւին Հայաստանի մէջ ժողովրդական երգերու այժմէականացման փորձերուն, նկատած պիտի ըլլան, որ իրերայաջորդ տասնամեակներու՝ բազմաթիւ ժողովրդային երգերու նորաձեւ գործիքաւորումն ու նոր մեկնաբանութիւնը նոր կեանք ներշնչած են հին երգերու, զանոնք գրաւիչ դարձուցած են նորութեան հետամուտ սերունդներուն եւ թոյլ չեն տուած, որ անոնք հիննան (սխալ չհասկցուինք. մեր ակնարկութիւնը չ՛երթար աժան ու անմակարդակ երգերու, որոնք դժբախտաբար ողողած են Հայ Երգի դաշտերը, մինչեւ իսկ թափանցած են քաղաքական ոլորտ՝ «Ժողովուրդը այսպէս կ՛ուզէ»ի ինքնարդարացման ձախաւեր փորձերով…)։
Չենք ուզեր օրինակներով ծանրաբեռնել այս սիւնակը, այլ կը բաւականանանք ընդգծելով, որ բանաստեղծ-երգահան դաշնութիւնը միշտ ալ բարիք բերած է, թէ՛ դասական եւ թէ ժողովրդային երաժշտութեան կալուածներուն մէջ, երբ անիկա հիմնուած է արուեստի՛ վրայ, մարմնաւորած է Գեղ-Արուեստ։
…Եւ քանի՜-քանի իսկական բանաստեղծներ կը սպասեն երաժշտութիւն յօրինողներու, երգահաններ՝ հովանաւորներու, իսկ «Լարք»ն ու «Դիլիջան»ը՝ հաղորդակից-համակուողներու։ Այս իմաստով, «Լարք»ն ու «Դիլիջան»ը հաւատարիմ են իրենց առաքելութեան։